Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2006 տարին հռչակած էր Հայ դպրոցի տարի: Այս մէկը անուղղակի պատգամ մըն էր կարծես բոլոր հայ հին ու նոր աշակերտներուն, իրենց դպրոցներուն հանդէպ իրենց նուիրական ուխտը վերանորոգելու։
Այս իմաստով հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ հաստատուած սահակեանականները, Հալէպի մէջ գտնուող իրենց վարժարանին վերածաղկման համար յատուկ ու գործնական աշխատանքներու սկսան անցնող տարուան՝ 2006ի Նոյեմբերին:
Քանի մը նուիրեալներու մտքին մէջ արդէն իսկ շատոնց սաղմնաւորուած էր այս գաղափարը՝ հիմնել «Սահակեան» ազգ. վարժարանի միութիւնը: Նոյեմբերի 22ին մօտաւորապէս քառասուն սահակեանականներ հաւաքուեցան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ «Սողանալեան» սրահէն ներս: Կարճ ներածական մը փոխանցուեցաւ դպրոցի պատմականի, ներկայի եւ «Սահակեան»ի միութեան գաղափարի մասին: Նաեւ ներկաները լսեցին շնորհաւորական ու շնորհակալական նամակ մը, որ առաքուած էր «Սահակեան» վարժարանի տնօրէնութենէն եւ հոգաբարձական կազմէն: Ներկաները չափազանց խանդավառուած էին այս գաղափարով: Անոնց մէջ կային հին եւ վաստակաւոր ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ ուսուցիչներու ու աշակերտներու զաւակներ: Բոլորը միասին մտերմիկ քանի մը ժամ ապրեցան վերյիշելով դպրոցական դրուագները ու աշակերտական եւ ուսուցչական անմոռանալի եւ քաղցր յիշատակները:
Անդրանիկ այդ հանդիպումը աւարտեցաւ գործնական քայլերով: Ներկաները միութիւն մը կեանքի կոչեցին եւ յառաջացուցին վարչական կազմ մը, որ ամէն գնով պատրաստ էր դպրոցին օգտակար դառնալ, համադրելով ամերիկաբնակ բոլոր սահակեանականներուն ներդրումները եւ նուիրաբերումները:
Կազմը կը բաղկանար հետեւեալներէն, Գորթոշեան Քնար (818-887-0733), Գաբրիէլեան Շուշանիկ (818-776-9392), Նշանեան Սեզա, Կիւլէեան Լեւոն (323-466-9809), Թասլաքեան Աստղիկ, Թիւֆէնկճեան Թամար, Տաղլեան Արմէն, Մէշէֆէճեան Արաքսի, Շահինեան Օննիկ, Ատուրեան Սօսի եւ Վարդանեան Մարիա: Անմիջական օժանդակ կազմ մը յառաջացաւ նաեւ, որուն անդամներն են՝ Տաթեւիկ Տաղլեան, Արաքս Զարզաւաթճեան եւ Կիթառիկ Գաբրիէլեան, Թագուհի Աստուածատուրեան , Արաքսի Գարագաշեան:
Հանդիպման աւարտին նաեւ որոշուեցաւ անմիջական ձեռնարկ մը կայացնել ու հաւաքել բոլոր սահակեանականները, որոնք հետաքրքրուած են եւ կ’ուզեն հիմնականօրէն օգտակար դառնալ իրենց դպրոցին, խղճի պարտք մը կատարած ըլլալու գոհունակութիւնը ապրելով:
Բնականաբար այս աշխատանքը պիտի արժեւորուի իր անդամներու ներդրումով եւ հետեւողականութեամբ, որուն համար կազմը կը յուսայ առաւելագոյն չափով անդամահաւաքի արշաւ: Այս ծիրին մէջ կոչ կ’ընենք բոլոր անոնց, որոնք «Սահակեան»էն շրջանաւարտ կամ անոր կրթական մշակ եղած են, գործնականօրէն քաջալեր հանդիսանան նորաստեղծ այս միութեան եւ անոր միջոցաւ «Սահակեան»ի հայակերտ ու կրթանուէր առաքելութեան։
Միութիւնը իր անդրանիկ ձեռնարկը պիտի ունենայ Կիրակի, Յունուար 21, 2007ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Հոլիվուտի Հայ կեդրոնէն ներս (1203 N. Vermont, Hollywood): Նախաճաշի մը շուրջ կը յուսանք տեսնուիլ եւ «Սահակեան»ի մեծ ընտանիքի առաջին ձեռնարկով աշխատանքի դաշտը բաց յայտարարել ծառայելու պատրաստ բոլոր սահակեանականներուն:
Եթէ կը ճանչնաք վարչական անդամներէն ոեւէ մէկը, անյապաղ կապուեցէք ենթակային հետ ու ներկայ գտնուեցէք մեր առաջին ձեռնարկին:
Կարեւոր յիշեցում մը կ’ուզենք ընել. եթէ դպրոցական տարիներէն որեւէ նկար ունիք, անպայման ձեր հետ բերէք նախաճաշի ձեռնարկին: Բոլոր նկարները պիտի օգտագործուին յատուկ եւ հետաքրքրական ծրագիրի մը համար, որուն մասին պիտի զեկուցենք նախաճաշի ընթացքին:
Կը հանդիպինք Յունուար 21, 2007ին եւ միասին կը ծրագրենք…
(Սահակեանական)