ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու հայկական 34 ընկերութիւններու, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու եւ աջակցող կազմակերպութիւններու, 12 արտասահմանեան ընկերութիւններու եւ համատեղ ձեռնարկութիւններու մասնակցութեամբ Հոկտեմբեր 6ին Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Digitec-2006» միջազգային ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսի ծիրին մէջ պիտի կազմակերպուին «Գալիքի արհեստագիտութիւնները այսօր» միջազգային խորհրդաժողովը, «DigiLife» խորհրդաժողովներու շարքը, Internet որոնման 2րդ մրցոյթ, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու եւ բարձր արհեստագիտութիւններու լաւագոյն լուսաբանման մրցոյթը լրագրողներուն միջեւ:
Ցուցահանդէսի բացումը կատարեց վարչապետ, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու զարգացման աջակցող խորհուրդի նախագահ Անդրանիկ Մարգարեան:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են համակարգչային եւ հեռահաղորդակցութեան սարքաւորումներ ու ծառայութիւններ, ոլորտի կրթական եւ խորհրդատուական ծառայութիւններ, ամենատարբեր բնագաւառներու մէջ կիրառուող ծրագրային արտադրանք, դրամատնային համակարգեր, ոլորտին վերաբերող գիտահետազօտական աշխատանքներ, տպագրական արտադրանք: Ցուցահանդէսին կը մասնակցին միջազգային հեղինակութիւն ընկերութիւններ, ինչպիսիք են «Festo»ն (Գերմանիա), «Hewlett-Packard»ը (ԱՄՆ), «Microsoft»ը (ԱՄՆ), «Mitsubishi Electric»ը (Ճափոն), «National Instruments»ը (ԱՄՆ), «Synopsus»ը (ԱՄՆ), «Virage Logic»ը (ԱՄՆ):