ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԱԽ) քարտուղարի գրասենեակը հաստատեց, որ նոյն խորհուրդի քարտուղար՝ Վիտալի Բալասանեան, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի եւ ատրպէյճանական կողմի ներկայացուցիչներու հետ այցելեց Բերձոր:
«Առաւօտ» օրաթերթի կայքին վրայ օր մը առաջ հրապարակուած էր գրութիւն մը՝ «Վիտալի Բալասանեանը Բերձոր Է Այցելել Ադրբեջանցի Պաշտօնեաների Եւ Ռուս Հրամանատարների Հետ» խորագիրով. անոր մէջ Բերձորի բնակիչ Սաթիկ Ասատրեան կը յայտնէ, որ Բալասանեան ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու եւ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարներուն հետ շրջած է Բերձորի մէջ: Տեղեկութիւնը հաստատեց նաեւ Բերձորի քաղաքապետ Նարեկ Ալեքսանեան:
Պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին գրաւոր հարցումին, թէ ի՛նչ էր այցելութեան նպատակը եւ ի՛նչ հարցեր քննարկուեցան՝ Արցախի ԱԱԽ գրասենեակէն պատասխանեցինէ ըսելով. «Անդրադառնալով Անվտանգութեան խորհրդի քարտուղարի` քաղաք Բերձոր կատարած այցելութեանը, այն պայմանաւորուած է 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած` Արցախը Հայաստանին կապող նոր երթուղու շինարարութեան ընթացքին ծանօթանալու նպատակով եւ տեղի է ունեցել Արցախի Հանրապետութիւնում տեղակայուած ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի, ինչպէս նաեւ ադրբեջանական կողմի ներկայացուցիչների հետ համատեղ»:
Գրասենեակէն դիտել տուին, որ նման այցելութիւններ չեն տրուած Աղաւնոյ եւ Ներքին Սուս բնակավայրերը։