ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ:
Զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ ապահովական մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր:
Փաշինեան Ռայիսիին մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային վերջին միջադէպերուն մասին:
Տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման պարունակին մէջ, Փաշինեան ընդգծեց 9 Նոյեմբեր 2020ին, 11 Յունուար եւ 26 Նոյեմբեր 2021ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու ամբողջական իրականացման կարեւորութիւնը:
Ռայիսի, անդրադառնալով վերջին օրերուն Հարաւային Կովկասի մէջ արձանագրուող լարուած միջադէպերուն՝ յիշատակեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի՝ վերջերս Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հետ հանդիպման ընթացքին կատարած յայտարարութիւնը՝ որ Իրան զգայուն է Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ իր սահմաններու հարցին գծով եւ պիտի հակազդէ զանոնք փոփոխութեան ենթարկելու որեւէ փորձի:
Կողմերը միտքեր փոխանակեցին նաեւ երկկողմ կապերուն մասին եւ ընդգծեցին զանոնք սերտացնելու կարեւորութիւնը:
Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնեց հայ-իրանեան յարաբերութիւններու զարգացման գծով եւ նշեց, որ Հայաստան պատրաստակամ է կարելի եղածին չափ խթանելու երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքներու տարանցումը եւ զարգացնելու համագործակցութիւնը ենթակառուցուածքներու ոլորտին մէջ, որոնց կարգին՝ ճանապարհային, ուժանիւթի եւ այլ ուղղութիւններով:
Ռայիսի պատմական եւ խոր որակեց երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւնները եւ ընդգծեց հայ-իրանեան կայուն տնտեսական համագործակցութեան մակարդակի բարձրացման անհրաժեշտութիւնը:
Ասոր զուգահեռ, Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքին մէջ, Իրանի գլխաւոր հիւպատոս նշանակուեցաւ Ապետին Վարամինը: Այս տեղեկութիւնը «Արմէնփրէս»ին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեցին Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանութենէն՝ նշելով, որ հետագային այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի տրուին:
Իրանի կառավարութիւնը Դեկտեմբեր 2021ի աւարտին որոշում տուաւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքին մէջ գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու մասին՝ հաւանութիւն տալով Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան առաջարկին, սակայն հիւպատոսութիւնը տակաւին պաշտօնապէս չէ բացուած: Տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ հիւպատոսութիւնը հաւանաբար բացուի այս տարի՝ 2022ին: