ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Դեկտեմբեր 27ին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի մասնակցութեամբ նախատօնական ընդունելութեան ընթացքին Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Տիգրան Սարգսեան յայտնեց, որ Սթոքհոլմի սակարանային շուկան կ’օժանդակէ Հայաստանի արժեթուղթերու շուկայի գործունէութեան խթանման գործընթացին:
Կեդրոնական դրամատան նախագահը թուարկեց 2007ին դրամատան առջեւ ծառացած բազմաթիւ խնդիրները:
Խօսելով 2006ի գործունէութեան մասին ան նշեց, որ 2006ի աւարտին գիներու աճը նախորդ տարուան Դեկտեմբերի համեմատ կազմած է 5%, իսկ տարեկան միջին սղաճը նախորդ տարուան միջինի համեմատ՝ 3%:
Ան յայտարարեց նաեւ, որ 2006ը հայաստանեան բոլոր դրամատուները աւարտած են շահով, համակարգի ընդհանուր շահոյթը կազմած է 16 միլիառ դրամ (մօտ 44 միլիոն տոլար): Վարկային կազմակերպութիւնները, որոնց թիւը 7էն աճած է մինչեւ 17ը, նոյնպէս տարին փակած են շահով: Ապահովագրական ընկերութիւններու թիւը 23էն իջած է մինչեւ 17ի, սակայն այդ «մաքրումը», ըստ Տ. Սարգսեանի, ուղեկցուած է մնացեալ ընկերութիւններու գումարային դրամագլուխի աճով: