ԱՆԳԱՐԱ, «Թըրքիշ տէյլի նիուզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2ին դատապարտեց անցեալ շաբթուան ընթացքին Արժանթինի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած այն բանաձեւը, որ կ’առնչուի Հայկական Ցեղասպանութեան:
Յիշեցնենք, թէ խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրեց 1915-23 թուականներու ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած ոճիրը յիշատակող բանաձեւը, որ կ’առաջադրէ Ապրիլ 24ը իբրեւ հանդուրժողութեան եւ ազգերու միջեւ յարգանքի օր հաստատել, ի յիշատակ հայ ազգի Ցեղասպանութեան:
Ըստ Անգարայի, նման քայլ մը ոչ միայն չի նպաստեր Արժանթինի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու աշխատանքներուն, այլ նաեւ «խոտոր կը համեմատի միջազգային օրէնքներուն»:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւ յայտնեց, որ Արժանթինի խորհրդարանը ամբողջովին անտեսած է այս հարցով թրքական կողմին տեսակէտները, դարձեալ պնդելով, թէ հայերը սպաննուած էին, որովհետեւ նեցուկ կը կանգնէին Թուրքիա ներխուժող ուժերուն:
Նախարարութիւնը նաեւ կոչ ըրաւ Արժանթինի Ծերակոյտին, որ չվաւերացնէ բանաձեւը: