Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)
– Անթիքաճեան Սօսի, «Զապէլ Եսայեան. Կեանքը Եւ Երկերը», խմբագիր՝ Էզկի Հոթալաք, «Ինքիլափ» հրատարակչութիւն, Պոլիս, Յուլիս 2022, 276 էջ (13,7 x 21,5 սմ.), թրքերէն:
– «Արցախեան Հիմնահարցը Եւ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Քաղաքականութիւնը – Փաստեր Ու Խորհուրդներ Առանցքային Գաղափարների Եւ Բանալի Հասկացութիւնների Վերաբերեալ», խմբագիր՝ Դաւիթ Բաբայեան, հրատարակութիւն Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան, Ստեփանակերտ-Երեւան, 2022. տպագրուած է բարերարներու աջակցութեամբ:
– Եսայեան Զապէլ, «Ժողովուրդի Մը Հոգեվարքը», յառաջաբանը՝ Մարկ Նշանեանի, խմբագիր՝ Սեւան Տէյիրմենճեան, «Արաս» հրատարակչութիւն, Պոլիս, Յունիս 2022, 256 էջ (13 x 19,5 սմ., Մեծ Եղեռնի ականատես Հայկ Թորոյեանէն Զապէլ Եսայեանի գրառած վկայութիւնները, յաւելուած՝ Զ. Եսայեանի «Գրագիտուհիի Մը Յիշատակները»՝ 1915ին Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան, նաեւ իր նկատմամբ իշխանութիւններու հալածանքներուն մասին ):
– Լէոնարտի Լեթիցիա, «Եղիշէ Չարենց – Բանաստեղծի Մը Ալեկոծ Կեանքը», նախաբանը՝ Գարլօ Վերտոնէի, «Լեթթերէ» (Lettere) հրատարակչութիւն, Փիոմպինօ – Իտալիա, 2022 (Չարենցի կերպարը ըստ նամակներու, յուշերու եւ վկայութիւններու), իտալերէն:
– Հարոյեան Պետրոս, «Զինուորի Մը Յուշերը Աղէտի Օրերէն», թարգմանութիւն հայերէնէ, խմբագիր՝ Ժիլլիսան Յարութիւնեան, «Դատեմ» հրատարակչութիւն, Ֆրեզնօ, 2021 (Դատեմ գիւղացի հեղինակի յուշերը Ա. Համաշխարհային պատերազմին նթացքին օսմանեան եւ ցարական բանակներուն ու Հայկական Լեգէոնին մէջ իր ծառայութենէն եւ անոր՝ Մեծ Եղեռնի ականատեսի վկայութիւնները, խմբագիրի ներածութիւնը, վերջաբանը՝ Ֆաթմա Միւկէ Կէօչէքի, հեղինակին եւ անոր հարազատներուն լուսանկարները), անգլերէն:
– Ղազարեան Գէորգ, «Հայ-բիւզանդական Եկեղեցական Յարաբերութիւնները Ժ.-ԺԱ. Դարերուն», Աթէնք, 2022, 355 էջ (17 x 24 սմ., 1 քարտէս, յատուկ անուններու ցանկեր) յունարէն:
– Պետրոսեանց Տիգրան, «Հայրենիքի Համար – Կենսագրական Հանրագիտարան», խմբագիր՝ Հրաչեայ Պետրոսեանց, Երեւան, 2021, 212 էջ (14,4 x 20 սմ., Արցախեան պատերազմի երեք փուլերու՝ 1990-1994, 2016 եւ 2020 թուականներուն մասնակցած Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի ուսանողներու կենսագրութիւններ, լուսանկարներ): Հրատարակուած է Խաչատուր Աբովեանի անուան ՀՊՄՀի գիտական խորհուրդի որոշումով եւ նուիրուած է Հայաստանի անկախութեան վերակերտման համար՝ Արցախեան պատերազմին մասնակցած համալսարանականներուն:
– Տաղլեան Ներսէս (կազմող), պատմական մասի հեղինակ՝ Յակոբ Միքայէլեան, «Պետրոս Ադամեան» Թատերախումբ – Յուշամատեան – 60ամեակ – 1961-2021», Հալէպ, 2022, 328 էջ (հանրագիտարանային տեղեկութիւններ ՀԲԸՄ-ՀԵԸի Հալէպի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին մասին, լուսանկարներու հսկայաքանակ ալպոմ): Տպագրուած է ՀԲԸՄի, ՀԵԸի եւ անհատ մեկենասներու օժանդակութեամբ:
– «Փոթորիկ Կովկասում», ռուսերէնէ թարգմանութիւն, խմբագիր՝ Ռուսլան Նիքոլաեւիչ Փուխով, հրատարակիչ՝ Ռազմավարութեանց եւ արհեստագիտութեանց վերլուծութեան կեդրոն (Մոսկուա), Երեւան, 2022 (2020ի աշնանային հայ-թրքական պատերազմի պատճառներուն, պատերազմի ընթացքին ու անոր հետեւանքներուն մասին հայ, ռուս, թուրք եւ օտար այլ հեղինակներու գրութիւններ՝ ռազմական, ռազմավարական եւ քաղաքական կտրուածքներով):
– «44օրեայ Պատերազմը – Շարժման Անցած Ֆրանսական Հաւաքականութիւնները», հրատարակիչ՝ Ֆրանսայի մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւն, Փարիզ, 2022, ֆրանսերէն: Լոյս տեսած է Արցախի Զօրակցութեան ընկերակցութեան հետ գործակցութեամբ: