Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի «Ուոլ սթրիթ ճըռնըլ»ի յայտնած է, որ Իրաքի ղեկավարը ըլլալը անհաճոյ է իրեն համար եւ կը նախընտրէ իր պաշտօնը լքել նախքան իր պաշտօնավարութեան աւարտը: Ան յստակ դարձուցած է, որ պաշտօնավարումի երկրորդ շրջանի մը համար թեկնածու պիտի չներկայանայ: Անոր ժամանակաշրջանը յատկանշուած է հատուածական պայքարներով, անոնք ըլլան երկրին մէջ թէ ներկառավարական, ինչպէս նաեւ վարչապետին հանդէպ ամերիկեան անվստահութեան տարաձայնութիւններով:
Սատտամ Հիւսէյնի մահապատիժի գործադրութեան կերպը յաւելեալ ճնշումի ենթարկած է Մալիքիի կառավարութիւնը: