ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Չորեքշաբթի, Յունուար 31ին ողջունեց երկիրը անդամալուծած տագնապը քաղաքական միջոցներով լուծելու «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած կոչը, զայն «դրական քայլ մը» որակելով:
Վերջին քանի մը օրերուն երկիրը քաղաքական պատերազմէն հեռու պահելու փորձերը դատապարտող Նասրալլա կը յայտնէ, որ ընդդիմութեան պահանջները քաղաքական են եւ բնականբար տագնապին լուծումը միայն քաղաքական միջոցներով կրնայ ըլլալ։
Ան նաեւ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ իր գործակալներուն ու կամակատարներուն միջոցաւ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ մը կը պատրաստէ եւ անոր առաջքը առնելու համար ան կոչ ըրաւ միջնորդական առաքելութեան շարունակութեան: Իրան եւ Սէուտական Արաբիա կը խորհրդակցին Լիբանանի տագնապին խաղաղ լուծում մը առաջադրելու նպատակով, իսկ Չորեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա Պէյրութ պիտի վերադառնայ Փետրուար 8ին, իր միջնորդական առաքելութիւնը շարունակելու համար:
Նաեւ, «Տիար» օրաթերթը հաղորդեց, թէ իշխող խմբակը կը ջանայ բանակի հրամանատարութիւնը վերադասաւորման ենթարկել, սակայն եթէ ձախողի, կը ծրագրէ ընդդիմութեան համակիր սպաներու դէմ քաղաքական եւ քարոզչական արշաւի մը ձեռնարկելով՝ բանակի դերակատարութիւնը հարցականի տակ առնել:
Իշխանութիւնը մտադիր է ներքին ապահովութեան ուժերէն խնդրել, որ Պէյրութի մէջ տարածուին, նկատի ունենալով, որ ներքին գործոց նախարարն ու ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնը կառավարութեան համակիր են:
Յայտնենք, թէ անցեալ շաբաթ ընդդիմութեան եւ կառավարութեան համակիրներուն միջեւ բախումներէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Չորեքշաբթի օր երկրին կրթական հաստատութիւնները վերաբացին իրենց դուռները: Պետական եւ Արաբական համալսարանները փակ կը մնան, եւ աշխատանք կը տարուի զանոնք յառաջիկայ Երկուշաբթի օր վերաբանալու:
Միւս կողմէ, ընդդիմադիր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը խստօրէն քննադատեց եւ դատապարտեց իշխանութեան հովանիին տակ գործող ապօրինի զինեալները, որոնք անցեալ շաբթուան ցոյցերուն ընթացքին կրակ բացին անզէն քաղաքացիներու վրայ։
«Այս ծիրին մէջ համախմբումը հարց կու տայ, թէ արդեօք պետութեան գործունէութեան սառեցումը եւ բանակին դերակատարութեան արժեզրկումը, ինչպէս նաեւ երկիրին մէջ քաղաքացիական պատերազմի մթնոլորտը շեշտելու փորձերը չե՞ն ծառայեր Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականները բնակեցնելու եւ Լիբանանը բաժանումի ենթարկելու ծրագիրին։ Մենք բազմիցս զգուշացուցինք այս իրականութենէն, եւ ով որ երաշխիքներ ունի լիբանանցի քաղաքացիներուն ապահովութիւն ներշնչելու, ապա ան ինքզինք ազատ թող զգայ եւ ներկայացնէ իր երաշխիքները», նշուած է համախմբումին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Իր կարգին, իշխանամէտ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան ղեկավար Սէմիր Ժաաժաա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան զօր. Միշէլ Աունի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները չեն խզուած:
Ան նշեց, որ կեդրոնական Պէյրութի մէջ ընդդիմութեան շարունակուող բաց նստացոյցը ժողովրդավարական չէ, այլ՝ «կանխամտածուած բռնագրաւում»: Ան աւելցուց, որ կեդրոնական Պէյրութի մէջ բաց նստացոյցին մասնակցող ցուցարարները պաշտօնեաներ են եւ աշխատավարձ կը ստանան:
Ժաաժաա ընդգծեց, որ եթէ ընդդիմադիր ուժերը շարունակեն իրենց մագլցողական քայլերը, ապա երկիրին մէջ պիտի ստեղծուի անցեալ շաբթուան կացութիւնը, եւ կոչ ուղղեց ապահովական ուժերուն՝ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ լարուած վրանները քակելու:
Սակայն, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ՝ երեսփոխան Մուհամմատ Ռաատ յայտնեց, որ նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրը կը նպատակադրէ Միջին Արեւելքի արաբական եւ իսլամական դիմագիծը փոխել, որպէսզի կարենայ Իսրայէլը համարկել շրջանին՝ Միացեալ Նահանգներու շահերը ապահովելու համար: Ռաատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ լարուածութիւն հրահրող կողմերն են այդ ծրագիրին տարրերը: Ան զգուշացուց իշխանամէտ ուժերն ու անոնց համակիրները կեդրոնական Պէյրութի մէջ բաց նստացոյցին մասնակցողներուն մօտենալէ:
«Եթէ ենթադրաբար մենք ընդունինք, որ ճիշդ է մեզի դէմ կատարուած այն ամբաստանութիւնը, թէ մենք կը ծառայենք սուրիական-իրանեան առանցքին, մենք ալ այդ ամբաստանութիւնը կատարողներուն կ՚ըսենք, որ դուք կը ծառայէք ամերիկեան-իսրայէլեան առանցքին: Հետեւաբար, այս սառած ձեւով ոչ մէկը կրնայ ծառայել իր առանցքին: Ուրեմն՝ հրամմեցէք ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմենք. մենք ձեզի կ՚արգիլենք ամերիկեան-իսրայէլեան առանցքին շահերը ապահովել եւ դուք ալ մեզի կ՚արգիլէք իրանեան-սուրիական առանցքին շահերը ապահովել: Սա կը նշանակէ, թէ ինքնաբերաբար կ՚իրականանան լիբանանցի ժողովուրդին շահերը», ըսաւ Ռաատ: