ԵՐԵՒԱՆ .- Երեւանի կեդրոնին մէջ, վերջին տարիներուն տեղի ունեցած մեծագոյն եւ արիւնալի պայթումէն երեք օրեր անցած են, եւ ցարդ ոեւէ կասկածելի կամ ձերբակալուած անձ չկայ: Ողբերգական դէպքէն առաւել քան 54 ժամեր ետա, տարածքի` «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի, սեփականատէրը` Ռազմիկ Զախարեան չէ հարցաքննուած: Այս մասին «Ազատութեան» հարցումին իրաւապահները չպատասխանեցին:
Քննչական կոմիտէի բանբեր Վարդան Թադեւոսեան միայն փոխանցեց, որ հարցաքննուեցան շուրջ երկու տասնեակ անձեր` հիմնականին մէջ տուժած անձեր:
«Հարցաքննուողների մեծ մասը վարձակալներն են, նրանք հանդիսանում են նաեւ տուժողներ: Պարզւում են առեւտրի կենտրոնի տարածքում գործունէութիւն իրականացնող սեփականատէրերի աշխատակիցների ինքնութիւնները, յանձնարարութիւններ են տրուել հետաքննութեան մարմիններին», յայտնեց Թադեւոսեան:
«Ազատութեան» լրագրողը կը գրէ, թէ այս պահուն յստակ է միայն, որ տեսչական մարմինը վերջին անգամ մէկուկէս տարի առաջ այցելած է տարածքը՝ յայտնաբերելով անվտանգութեան կանոններու շուրջ երկու տասնեակ խախտումներ: Անոնց վերացման վերաբերող փաստաթուղթեր չէ ստացած վերահսկող մարմինը, սակայն վերստուգման ալ չէ գացած` ծանրաբեռնուածութեան պատճառով:
Տեսչական մարմինի բանբեր Ելենա Զոհրաբեան ենթադրեց, թէ խախտումները թերեւս չէին վերցուած: «Սուրմալու»ի տնօրէնը՝ Իրինա Մադաթովա, մինչդեռ պնդեց հակառակը`«Ազատութեան» տուած կարճ հարցազրոյցին ընթացքին: «Վերացրել է խախտումները, մենք խախտում չենք ունեցել», ըսաւ ան՝ փակելով հեռաձայնը։
Ցարդ յստակ չէ նաեւ, թէ ի՛նչը պատճառ եղած է նման մեծ պայթումի մը: Իրաւապահները կը հաստատեն, որ կը քննեն բոլոր վարկածները, որոնց կարգին՝ պաշտօնեաներու անփութութիւնը: Ականատեսներ «Ազատութեան» պատմեցին, որ դէպքը տեղի ունեցած է այն մասնաշէնքին մէջ, ուր հրավառութեան համար անհրաժեշտ պարագաներ կը ծախուին:
Գնորդները կը նշեն, որ նման ապրանքներ շատոնց հոն կը ծախուին։ Մինչ Զոհրաբեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ նախորդ տարուան իրենց ստուգման իբրեւ արդիւնք «Սուրմալու»ի մէջ որեւէ պայթուցիկ նիւթ, որոնց կարգին՝ հրավառութեան կամ այլ տարբեր առիթներու օգտագործուող նիւթեր կամ պահեստներ չեն յայտնաբերուած:
«Քանի որ տեսուչը ստուգման արդիւնքում չի արձանագրել այդտեղ հրագործական արտադրատեսակների առկայութիւն, մենք չենք կարող այս դէպքում ասել, որ առկայ է եղել ու դա կարող է պատճառ հանդիսանալ: Պահեստաւորման կանոններ կան, վաճառքի կանոններ կան, օգտագործման կարգի բացատրութեան հետ կապուած կանոններ կան, ու այդ բոլորը պահպանելու դէպքում վաճառքը չի արգելւում», նշեց Զոհրաբեան:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարը, երրորդ օրն ըլլալով կը յայտարարէ, որ շէնքին մէջ մեծ քանակութեամբ հրավտանգ նիւթեր կային։
Ասիկա նախորդ մէկ տարուան ընթացքին այս շուկային մէջ բռնկած երկրորդ հրդեհն է: Նախորդ տարուան Ապրիլին ալ մեծ հրդեհի պատճառով վնասուած էին շուրջ երկու տասնեակ խանութներ`դարձեալ հակահրդեհային ապահովութեան եզրերու խախտման իբրեւ արդիւնք:
Դէպքէն առաւել քան տասնհինգ ամիսներ ետք, իրաւապահները չկրցան յստակացնել մեղադրեալներու շրջանակը:
Յստակ է, որ թէ՛ անցած տարուան պատահարէն եւ թէ Կիրակի օրը տեղի ունեցած դէպքէն ետք, սեփականատէրը` 86ամեայ Ռազմիկ Զախարեան, կը շարունակէ մնալ ազատութեան մէջ: Կարելի չեղաւ անոր հետ կապ հաստատել, կը յայտնէ «Ազատութիւն»ը։