ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարար Կարէն Ճշմարիտեան եւ «Մայքրոսոֆթ» (Microsoft) ընկերութեան նախագահ Պիլ Կէյթս Յունուար 30ին Էտինպրայի մէջ ստորագրեցին Հայաստանի կառավարութեան եւ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման փոխնախարար Տիգրան Դաւթեան եւ նշեց, որ Հայաստանի պատուիրակութիւնը Սկովտիոյ մայրաքաղաք կ’այցելէ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան հրաւէրով՝ կազմակերպուած կառավարութիւններու առաջնորդներու համաժողով-Եւրոպա (Government Leaders Forum – Europe) հաւաքին մասնակցելու նպատակով:
Տ. Դաւթեանի խօսքերով, նշուած համաձայնագիրով, Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու զարգացման նպատակով «Մայքրոսոֆթ»ը Հայաստանի մէջ պիտի գործադրէ շարք մը կրթական ծրագիրներ ու կատարէ ներդրումներ: Մասնաւորապէս, կը նախատեսուի Հայաստանի մէջ հիմնել «Մայքրոսոֆթ»ի նորարարական արհեստագիտութիւններու կեդրոն» (Microsoft Innovation Center): Բացի այդ, կը նախատեսուի նաեւ, որ «Մայքրոսոֆթ»ը Հայաստանի դպրոցներուն տրամադրէ հայերէն տեղայնացուած ծրագրային փաթեթներ եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու այլ աջակցութիւն:
Ըստ Տ. Դաւթեանի, կառավարութիւնը իր հերթին պիտի շարունակէ գործադրել հնարաւոր բոլոր ջանքերը տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու արտադրութեան հանդէպ հեղինակային իրաւունքը պաշտպանելու նպատակով եւ միջոցներ ձեռնարկէ պետական կառավարման համակարգին մէջ «Մայքրոսոֆթ»ի օրինական ծրագրային փաթեթները կիրարկելու համար:
Ան յիշեցուց, որ 2006ի Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած տեղեկատուական արհեստագիտութեան միամսեակի ծիրէն ներս, վարչապետ Մարգարեանին եւ «Մայքրոսոֆթ»ի Եւրոպայի տարածաշրջանային փոխնախագահին միջեւ հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն կայացած էր կառավարութեան եւ «Մայքրոսոֆթ»ի միջեւ գործակցութիւն սկսելու վերաբերեալ: