Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ, «Նոյեան Տապան».- Դեկտեմբեր 2ի երեկոյեան, Ս. Փեթերսպուրկի Եկատերինեան պալատին մէջ, տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի տարուան փակման պաշտօնական արարողութիւնը, ուր խօսք առին ՀՀ վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան եւ Ռուսիոյ առաջին փոխվարչապետ Տմիթրի Մետւետեւ:
Մետւետեւ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք մէկ անգամ եւս համոզուեցինք, թէ որքան շնորհալի է հայ ժողովուրդը, որքան նրբօրէն է զգում արուեստը, որքան խնամքով է վերաբերում մշակութային, գիտութեան ու կրթութեան արժէքներին ու ձեռքբերումներին», ան միաժամանակ ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ժողովուրդները դարերով պահպանած են տարբեր ազգութիւններուն միջեւ հանդուրժողական յարաբերութիւններու փորձը, եւ այսօր երկու ժողովուրդներու գործակցութեան մէջ տեղ չի կրնար ունենալ ցեղային այլատեացութիւնը:
Ա. Մարգարեան իր հերթին նշեց, որ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի տարին նոր փուլ դարձաւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի տարին հնարաւորութիւն տուաւ ռուսերուն՝ բացայայտելու ժամանակակից Հայաստանը իր ներուժով եւ հնարաւորութիւններով: Տարուան շրջանակներով կազմակերպուած ձեռնարկները, ըստ վարչապետին, հնարաւորութիւն տուին հարստացնելու հայ-ռուսական բազմաբնոյթ գործակցութիւնը ու լաւ հեռանկարներ բացին առեւտրատնտեսական, կրթական, գիտական եւ մշակութային ներուժի փոխշահաւէտ միաւորման համար:
Ան նաեւ նշեց, որ Ռուսիոյ մէջ կ’ապրի աշխարհի մէջ ամենամեծ հայկական համայնքը:
«Մենք վստահ ենք, որ Ռուսաստանում մեր հայրենակիցների խնդիրներն ու ձգտումները այսօր էլ գտնւում են Ռուսաստանի ղեկավարութեան սեւեռուն ուշադրութեան կեդրոնում: Մեր ընդհանուր պատասխանատուութեան հարց է հանդիսանում ազգային այլատեացութեան ցանկացած դրսեւորման բացառումը: Այդ համաթեքսթում մենք չափազանց մտահոգուած ենք մեր հայրենակիցների նկատմամբ բռնութիւնների դէպքերով, որոնք տեղի են ունեցել ՌԴում: Հայերը Ռուսաստանում, հաւասարապէս ինչպէս եւ ռուսաստանցիները Հայաստանում, դարաւոր աւանդոյթների կրողներն են, երկու երկրների միջեւ բարեկամութեան այն կամուրջը, որը մենք ամէն կերպ պէտք է ամրացնենք ու պահպանենք», ընդգծեց վարչապետ Մարգարեան:
Ապա տեղի ունեցաւ համերգ եւ Ոսկեզօծ սրահին մէջ՝ վարչապետի անունով ընդունելութիւն, որ եզրափակուեցաւ հրավառութեամբ:
Նոյն օրը վարչապետ Մարգարեան մասնակցեցաւ Էրմիթաժի մէջ Հայաստանի մշակոյթին նուիրուած ցուցահանդէսի բացման արարողութեան:
Սրահներու վերանորոգումէն յետոյ, Էրմիթաժի մէջ բացուած այդ ցուցահանդէսը կը ներառնէ 1-19րդ դարերը: Հայաստանի մէջ հելլենական մշակոյթը ներկայացուած է բացառիկ պատմական հրաշագեղ նմուշով, որ Հայաստանի կառավարութեան նուէրն է Էրմիթաժին՝ Գառնիի հեթանոսական տաճարի սիւնագլուխը: Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ միջնադարեան Հայաստանի արուեստը եւ մշակոյթը, յատկապէս՝ մանրանկարչութիւնը: Էրմիթաժեան ցուցադրութիւնները ներառած են ոչ միայն բուն Հայաստանի, այլ նաեւ սահմաններէն դուրս կերտուած հնագոյն հայկական ձեռագիրներ: Ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած է նաեւ Կիլիկեան Հայաստանը: Զգալի մաս կը կազմեն 17-19րդ դարերու արծաթագործութեան հայ վարպետներու բարձրաճաշակ նմոյշները՝ եկեղեցական եւ կենցաղային պարագաները: Լայնօրէն ցուցադրուած են նաեւ խաչքարերը:
Ցուցահանդէսի բացումէն յետոյ, Հայաստանի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարը եւ Ռուսիոյ մշակոյթի եւ շարժանկարի դաշնակցային գործակալութեան ղեկավարը ստորագրեցին 2007-2009ի գործակցութեան ծրագիր: