ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու 16 գաղտնի սպասարկութիւններու ընդհանուր վարիչի դիրքին առաջին պաշտօնավարը՝ Ճան Նեկրոփոնթէ, որոշած է հրաժարիլ իր այդ պաշտօնէն, հակառակ այն իրողութեան, որ միայն վերջերս ան վստահեցուցած էր, թէ իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ առնուազն մինչեւ նախագահ Ճորճ Պուշի պաշտօնավարութեան աւարտը: