ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին մէջ, Նոյեմբեր 2ին բացումը կատարուեցաւ յայտնի լրագրող, գրող-հրապարակախօս Արտաշէս Քալանթարեանի անունը կրող լսարանին:
ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեան բացման իր խօսքին մէջ նշեց, որ լսարանը պիտի ըլլայ բաժանմունքի եւ բոլոր համալսարանականներու հոգածութեան առարկան: Ա. Քալանթարեան այս բաժանմունքի առաջին շրջանաւարտներէն էր եւ իր անունը անխզելիօրէն կը կապուի 20րդ դարակէսի հայ լրագրութեան պատմութեան:
Արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան եւ լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն Գառնիկ Անանեան: