ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութեան 30 Նոյեմբերի նիստին, հաստատուեցան Տաւուշի մարզի Իջեւան, Բերդ, Նոյեմբերեան, Դիլիջան, Լոռիի մարզի Ստեփանաւան, Կոտայքի մարզի Չարենցաւան, Արարատ մարզի Վեդի, Գեղարքունիքի մարզի Գաւառ, Արագածոտնի մարզի Թալին, Սիւնիքի մարզի Կապան, Վայոց Ձորի մարզի Եղեգնաձոր, Շիրակի մարզի Արթիկ եւ Արամաւիրի մարզի Էջմիածին քաղաքներու գլխաւոր յատակագիծերը:
Քաղաքաշինութեան փոխնախարար Ռուզան Ալավերդեան նշեց, որ գլխաւոր յատակագիծի հիմնական նպատակը տարածական ծրագրաւորման միջոցով բարենպաստ կենսամիջավայրի անհրաժեշտ նախադրեալներու ստեղծումն է եւ յայտնեց, որ գլխաւոր յատակագիծով ամրագրուած են համայնքի տարածական զարգացման հիմնական ուղղութիւնները, որոշուած են ընկերային, արդիւնաբերական, բնապահպանական, բնական եւ արուեստական վտանգաւոր երեւոյթներէն տարածքներու պաշտպանութեան գործողութիւնները: