ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Յունուար 31ին սխալ ու գրգռիչ գտաւ Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութեան ընթացքին գործածուած «Բոլորս հայ ենք» լոզունգը։ Նախարարութեան կարծիքով, այս լոզունգը կրնայ տեղի տալ անտեղի գրգռութիւններու, եւ այդ պատճառաւ բոլոր կուսակալութիւններուն հրահանգեց միջոցառումներու դիմել նմանօրինակ գրգռութիւններու առաջքը առնելու համար:
Նախարարութեան խորհրդականներէն Շահապէտտին Հարփութի ստորագրութեամբ 81 կուսակալութիւններու ղրկուած շրջաբերականին մէջ դիտել տրուեցաւ, որ ոմանք կրնան ժողովուրդին ազգասիրական զգացումները շահագործելով գրգռութիւններ ու բռնարարքներ «բեմադրել», եւ այդ պատճառով «պէտք է արթուն հսկել այդպիսի գրգռութիւններու դիմաց»։ Շրջաբերականին մէջ Հրանդ Տինքին մասին խօսելու ընթացքին գործածուեցաւ անոր «Ֆըրաթ» անունը։
Շրջաբերականին մէջ կ՚ըսուի, որ ուշադրութեամբ պէտք է հետեւիլ լայն զանգուածներու մասնակցութեամբ կատարուած ձեռնարկներուն եւ այդ ընթացքին գործածուող վերտառութիւններն ու լոզունգները պէտք է առաւելագոյնս ստուգել:
Յայտնենք, թէ Չորեքշաբթի օր Սվազի մէջ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ «Բոլորս հայ ենք» լոզունգին դէմ, իսկ ընդդիմադիր Շիտակ ուղի կուսակցութեան ղեկավարներէն Մէհմէտ Աղար սխալ գտաւ «Էլազըղսփոր»-«Մալաթիասփոր» ֆութպոլի մրցումին օրը Մալաթիոյ մէջ «Հայ Մալաթիա» գրուած վերտառութիւնը։ Աղար ըսաւ, որ Էլազըղի (Խարբերդ) համակիրները «շատ լուրջ սխալ մը գործած են» այս պաստառը բանալով, ուստի էլազըղցիներու անունով պատուիրակութիւն մը Մալաթիա պիտի երթայ ու ներողութիւն պիտի խնդրէ մալաթիացիներէն։ «Քանի մը անխոհեմ ու անգիտակից մարդու գործն է այս, բայց պէտք է շատ զգոյշ ըլլալ։ Ոմանք աժան քաղաքականութիւն մշակելով կրնան մեծ վնասներ պատճառել երկրին։ Թուրքիա անցեալի մէջ ապրեցաւ այդ փորձառութիւնը ու հիմա չենք ուզեր կրկին ապրիլ նոյն փորձառութիւնները», ըսաւ Աղար։
Նաեւ, Չորեքշաբթի օր պէրկամացի գիւղացիներու խմբակ մը Տինքի հիմնած «Ակօս» թերթին խմբագրատան առջեւ ցոյց մը ըրաւ, բողոքելու Տինքի մահափորձին դէմ։ Ցուցարարները, թիւով մօտաւորապէս յիսուն հոգի, ոստիկաններու հսկողութեան ներքեւ բողոքեցին մահափորձին դէմ։ Անոնք սեւ ժապաւէնով կապած էին իրենց բերանները ու աւելներ կրեցին, ցոյց տալու համար որ կ՚ուզեն աւլել նմանօրինակ աղտոտութիւնները։ Ուշագրաւ է, որ անոնք կը կրէին վերտառութիւններ, ուր գրուած էր. «Բոլորս թուրք ենք»…
Միւս կողմէ, Հրանդ Տինքի սպանութեան առնչութեամբ ձերբակալուած կասկածելիներէն Ահմէտ Իսքէնտէր պատմած է, որ մահափորձը ծրագրող Եասին Հայալը ուրիշ ծրագիրներ պիտի իրականացնէր, եթէ ձերբակալուած չըլլար։ Ան ծրագրած էր նաեւ ռմբահարել Ռուսիոյ հիւպատոսարանն ու բրիտանական դրամատան մը շէնքը։ Իսքէնտէրի կարծիքով, ոստիկանութեան գործակալ Էրհան Թունճէլն էր, որ այս ծրագիրները ներշնչած էր Հայալին։
Իր կարգին, Հայալ իր հարցաքննութեան ընթացքին ըսած է, որ Տինքը սպաննել կը ցանկար, որովհետեւ այդ անձը թուրք ժողովուրդէն ներողութիւն չէր խնդրած իր ըրած «նախատինքներուն» համար։ Ակնարկելով ոստիկանութեան գործակալին, ան աւելցուցած է. «Էրհան Թունճէլ լաւ գիտէր, որ մահափորձ մը կը պատրաստեմ։ Ան կողմնակից չէր, բայց ինձմէ կը վախնար ու չէր հակառակեր»։