Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 14 Յունուար 2007ի երեկոյեան ժամը 6ին, Կլէնտէյլի Alex թատերասրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ «Համազգային»ի Mosaic ձեռնարկը:
Այս նախաձեռնութիւնը եւս Շրջանային վարչութեան ցարդ կազմակերպած հրապարակային ձեռնարկներուն մէջ նորութիւն մը ըլլալով, հարցազրոյց մը ունեցանք Շրջանային վարչութեան կողմէ այս ձեռնարկի կազմակերպիչ պատասխանատու՝ Ռոժէ Խտրեանին հետ, որմէ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հատուածներ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ուրկէ՞ ծնունդ առած է այս իւրայատուկ գաղափարը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ընդհանրապէս երաժշտասէր հասարակութիւնը, որուն մէջ մեծ թիւ կը հաշուուի երիտասարդութիւնը, մօտէն կը հետեւի անուանի կամ ոչ՝ նուագախումբերու ստեղծագործութիւններուն եւ անոնց հրապարակային ելոյթներուն ներկայ ըլլալով, դրական ձեւով քաջալեր կը հանդիսանայ:
Այս օրերուն, բացարձակ իրականութիւն է, որ հայ երկսեռ երիտասարդութիւնն ալ հեռու չէ մնացած նման որդեգրումներէն, որոնց իբրեւ արդիւնք, տարիներէ ի վեր յաջորդաբար ծնունդ առած են հայկական նուագախումբերը:
Այսօր հպարտալի երեւոյթ է, որ կարգ մը հայկական նուագախումբեր ոչ միայն Ամերիկայի, այլ նոյնիսկ ամբողջ աշխարհի տարածքին դարձած են անուանի ու հռչակաւոր՝ իրենց հրամցուցած երգերով եւ երաժշտական ստեղծագործութիւններով:
«Համազգային»ը, իբրեւ կրթական եւ մշակութային միութիւն, միշտ մօտէն հետեւած է այս բոլորին եւ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ փորձած է զանոնք ներառնել իր կազմակերպած հրապարակային բոլոր ձեռնարկներու գեղարուեստական բաժիններէն ներս եւ այս ձեւով հայ երկսեռ երիտասարդներով կազմուած այս խումբերուն քաջալեր հանդիսացած:
Հայ մշակութասէրները նման նախաձեռնութեան հանդիպեցան 2005 Նոյեմբերին, Կլէնտէյլի Alex թատերասրահին մէջ, «Համազգային»ի՝ հայ Գիիրերու գիւտին 1600ամեակին առթիւ կազմակերպած պատմական տօնակատարութեան, երբ «Լարք» երգչախումբի կողքին, Element հանրածանօթ նուագախումբը եւս ելոյթ ունեցաւ:
Պէտք է, ըսել, որ դիւրին գործ չէ համբաւի տիրացած նման խումբեր իրարու քով բերել եւ մէկ յայտագրի տակ զանոնք համախմբելով, երաժշտասէր հանրութեան ներկայացնել նորութիւն բուրող եւ իւրայատուկ յայտագրով ձեռնարկ մը:
Հ.- Ի՞նչ պիտի հասկնանք Mosaic Concert-ով:
Պ.- Նախ կ’ուզեմ բացայայտել, որ «Համազգային»ի Mosaic Concert յանձնախումբը իր այս ձեռնարկով, առաջին անգամն է, որ հանրութեան պիտի ներկայանայ:
Mosaic Concert-ին մաս պիտի կազմեն Նիւ Եորքէն «Յուշեր-Hoosher» եւ «Զուլալ-Zulal» խումբերը, իսկ մնացեալները՝ Գոռ, «Վիզա-Visa» եւ «Թալուլա-Tallulah», Լոս Անճելըսէն:
Ընդհանապէս այս խումբերը ելոյթներ ունեցած են փոքր սրահներէ ներս եւ երբեք առիթ չեն ունեցած մեծ թիւով հանրութեան ներկայանալու: Այս ձեւով «Համազգային»ը իրենց այս գեղեցիկ ու բացառիկ առիթը կը ստեղծէ, որ ինքնին իր բարերար ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ ներկայացող խումբերուն ապագայի ծրագրումներուն եւ հրամցնելիք յայտագրերուն վրայ:
Փորձեցինք յայտագիրը կազմել այնպիսի խումբերով եւ յայտագրով մը, որ կարենայ գոհացում տալ ամէն սեռի ու տարիքի ճաշակներուն:
Mosaic Concert-ին տուած ենք նաեւ «Ձայնի տօնախմբում» – Celebration of Sound- որուն հրամցուցած յայտագրին մէջ կ’իյնան հայերէն եւ անգլերէն երգեր ու մեներգներ:
Սոյն նուագախումբերուն մեր երիտասարդ սերունդը քաջածանօթ է: Ուստի ասկէ մեկնած, ամէն ճիգ թափեցինք, որ կոկիկ ու լուրջ եւ յատկապէս բոլոր սերունդներու ներկայացուցիչներու գոհացում տուող պատշաճ յայտագրով մը ներկայանալ:
Ձեռնարկը պիտի ունենայ նաեւ իր հանդիսավարները՝ Լորի Թաթուլեան եւ Վիգի Գալֆայեան, որոնք ծանօթ դէմքեր են:
Հ.- Կարելի է՞ խումբերը ներկայացնել:
Պ.- Ամիսներու աշխատանքէ ետք ու մանաւանդ ձեռնարկին մասնակից բոլոր կողմերու հետ մօտէն բանակցութիւններ կատարելէ ետք, վերջապէս կրցանք կեդրոնանալ վերեւ յիշուած 5 նուագախումբերուն վրայ:
Անկասկած, որ կան ասոնց նման բազմաթիւ այլ խումբեր, բայց անոնց ծրագիրներն ու յայտագիրները չէին համապատասխաներ յանձնախումբիս հրամցուցած կէտերուն, վայր, թուական եւայլն: Ուստի, շնորհիւ երկուստեք կայացած հասկացողութեան, կրցանք համաձայնութեան եզր մը գտնել նշեալ խումբերուն հետ:
1.- «Զուլալ-Zulal».- Խմբակը Նիւ Եորքէն է, որուն մաս կը կազմեն հայ 3 պարմանուհիներ՝ Թենի Աբելեան, Երազ Մարգարեան եւ Անայիս Թէքէրեան: Խմբակը կը հրամցնէ հայկական ժողովրդական երաժշտութենէն վերցուած ստեղծագործութիւններ, անոնց տալով երանգաւորման եւ շունչի որոշ թարմութիւն:
«Զուլալ» կը յատկանշուի նաեւ իր ներկայացուցած ոճի պարզութեամբ, որուն շնորհիւ արդէն իսկ դարձած է համբաւաւոր:
2.- «Յուշեր-Hoosher».- Մեներեգչուհին ծնած է Նիւ Եորքի մէջ ու կը պատկանի հայ ամերիկեան առաջին սերունդին: Երգին ու երաժշտութեան եւ յատկապէս հայ երգին հանդէպ իր ունեցած անհուն սէրն է, որ զինք հասցուցած է այսօրուան համանուն դիրքին: Յուշերը արդէն իսկ ունի իր անձնական ալպոմ, ուր մեր հին ու նոր երգերը նորութեամբ հրամցուած են:
3.- Գոռ.- Արուեստագէտի անունն է Գոռ Մխիթարեան, որ իբրեւ մեներգող եւ երգեր յօրինող, հանրածանօթ է յատկապէս Հայաստանի մէջ: Ան ընդհանրապէս կը հրամցնէ հայկական աւանդական երգերը «ռաք» եւ ժողովրդական եղանակներու համադրումով:
4.- «Թալուլա-Tallulah».- Այս խումբը ծնունդ առած է Լոս Անճելըսի մէջ, 2002ին: Իր անդամներն են մեներգչուհի Սօսէ Քէշիշեան, Զարեհ Մանուկեան (կիթառ), Արամ Տալալեան (պաս), Մհեր Աճէմեան: Իսկ 2006ին, խումբին միացած է Սօնա Ալեքսանեան (Cello): Խումբը իր յայտագրին վրայ միշտ ունեցած է «փոփ» եւ «ռաք» երգեր:
5.- «Վիզա-Visa».- 8 երիտասատներէ բաղկացած խումբ մըն է, որուն մաս կը կազմէ նաեւ աշխար-հահռչակ դուդուկահար Ճիւան Գասպարեանի թոռը՝ Ճիւան Գասպարեան կրտսերը՝ իր դուդուկով: Իրենց նուագները ընդհանրապէս «ռաք» երաժշտութիւն են: Խումբը պիտի հրամցնէ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրած իր նոր յօրինումը:
Հ.- Մուտքի տոմսերուն համար ի՞նչ սակ ճշդուած է:
Պ.- Նախ պէտք է ըսել նաեւ, որ այս մէկը առաջինն է նման ծրագրումներու շարքին: Պիտի աշխատինք այս մէկը աւանդութիւն դարձնել ու ամէն տարի հանրութեան ներկայացնել հայկական նոր խումբեր:
Մուտքի նուէրներ ճշդուած են՝ $75, $50, $35 եւ $20:
Այս առթիւ տոմսերու եւ այլ հարցումներու ու մանրամասնութիւններու համար կարելի է դիմել «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան եւ կամ ինծի (Ռոժէ Խտրեան), հեռ. (213) 278-2020: