ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու բնագաւառի նախորդ տարիներուն արձանագրուած զարգացման աճը պահպանուած է նաեւ 2006ին:
Ըստ առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման փոխնախարար Տիգրան Դաւթեանի, վերջին տարիներուն տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու բնագաւառի աճը գերազանցած է համախառն ներքին արդիւնքի աճի չափերը: Միջին հաշուով, ոլորտը տարեկան կ’աճի 15-20 տոկոսով: Անցեալ տարի արտադրութեան ծաւալը գնահատուած է 100 միլիոն տոլար: Ոլորտի արտադրութեան զգալի մասը կ’արտածուի: Ընկերութիւններու թիւը կը շարունակէ աւելնալ եւ արդէն կը մօտենայ 200ի, իսկ բնագաւառի աշխատատեղերու թիւը կը հասնի 5000ի:
Անդրադառնալով բնագաւառին մէջ կատարուած ներդրումներուն՝ փոխնախարարը նշեց, որ արդէն կը գերազանցէ 10-15 միլիոն տոլարը: Նշենք, որ ներդրումները երկարաժամկէտ են:
Հայաստանի մէջ գործող տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու բնագաւառի զարգացած ընկերութիւնները սկսած են կառուցել նաեւ նոր համալիրներ: Մայիսին կը նախատեսուի աւարտել «Սինոփսիս»ի նոր մասնաշէնքը եւ մինչեւ տարեվերջ «Վիրաժ լոճիք»ի նոր համալիրը: