ՍԱՆԹԱ ՏՈՄԻՆԿՕ, «Նոյեան Տապան».- Տոմինիքեան հանրապետութեան Սանթա Տոմինկօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ծանրամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներու 85 քիլոկրամ քաշայիններու պայքարին 3րդ տեղը գրաւեց Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Մարտիրոսեան: Հոկտեմբեր 5ին ան երկամարտի մէջ ցոյց տուաւ 370 քիլոկրամ արդիւնք եւ նուաճեց պրոնզէ մետալ: Մարտիրոսեան պոկում վարժութիւնով բարձրացուց 172 քկ. ծանրաձողը եւ արժանացաւ փոքր արծաթէ մետալին, իսկ հրում վարժութիւնով՝ 198 քկ. եւ գրաւեց 4րդ տեղը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.