ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6ին Մոսկուայի մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքոյ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Վարդան Օսկանեանի եւ Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումը։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած խորհրդատուութիւններու ընթացքին նախարարները անդրադարձած են ԼՂ բանակցային գործընթացին մէջ առկայ չլուծուած խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ առկայ տարբերութիւնները յաղթահարելու վերաբերեալ համանախագահներու գաղափարներուն։ Ըստ Վ. Օսկանեանի՝ հայկական կողմը կայացած խորհրդատուութիւնները կը գնահատէ օգտակար՝ նշելով, որ անոնց ընթացքին համանախագահներուն կողմէ բարձրացուած հարցերը պիտի քննուին Երեւանի մէջ՝ մինչեւ յառաջիկայ հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 24ին Փարիզի մէջ։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «զգուշաւոր լաւատեսութեամբ» գնահատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու Մոսկուայի հանդիպումը: Այս մասին «Թրենտ» գործակալութեան յայտնեց Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատուական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Թայիր Թաղիզատէն:
Ան նշեց, որ երկու երկիրներու ԱԳ նախարարներու հանդիպման «ուշադրութեան կենտրոնում եղել են բանակցութիւնների սեղանին դրուած բոլոր հարցերը, ինչպէս նաեւ քննարկուել են նոր մօտեցումներ»:
Նոյն օրը նախարար Օսկանեանը ընդունեց Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրով։
Երկու երկիրներու ԱԳ նախարարները անդրադարձան ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման ընթացքին։ Անոնք անդրադարձան նաեւ հարաւային Կովկասի վերջին զարգացումներուն եւ անոնց հնարաւոր անդրադարձներուն։ ԱԳ նախարարներ Վ. Օսկանեան եւ Ս. Լաւրով քննեցին նաեւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ հարցեր։