ԵՐԵՒԱՆ, Մայր Աթոռի Մամլոյ Դիւան.- Ս. Էջմիածինի մէջ, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Նոյեմբեր 2ին գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով՝ ընդլայնուած կազմով, որուն կը մասնակցէին խորհուրդի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամները Հայաստանէն եւ արտերկիրէն: Հրաւիրուած էր նաեւ ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեան:
Ժողովին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը քննեց եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու օրէնսդրական դաշտի կարգաւորման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներու ընթացքը:
Քննարկուեցան նաեւ ընկերային ոլորտին մէջ կաթողիկոսութեան կատարած ծրագիրներու համակարգման, համայանքային-ծխական կանոնադրութեան նախագիծի խմբագրման, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ ներեկեղեցական կեանքի վերակազմակերպման առնչուող հարցեր:
Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ գործող աղանդաւորական կազմակերպութիւններու մարդորսական գործունէութեան եւ կարեւորութեամբ նշեց հայաստանեան թեմերուն եւ հեռաւոր շրջաններուն մէջ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքը անաղարտ պահելու եւ հոգեւոր քարոզչութիւնը աւելի արդիւնաւէտ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Ժողովի աշխատանքները պիտի շարունակուին նաեւ Նոյեմբեր 4ին: