ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Յունուար 5ին ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեան ընդունեց յայտնի քաղաքագէտ, Ռուսիոյ հասարակական պալատի համաշխարհայնացման եւ զարգացման ազգային ռազմավարութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Միհրանեանը:
Զրուցակիցները անդրադարձան ԼՂՀի մէջ ընթացող պետականաշինութեան եւ ժողովրդավարական համակարգի ձեւաւորման գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակեցին Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման հեռանկարներուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցերու լայն շրջանակի վերաբերեալ: