ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Ճան Էնսայնի, որ կը փորձէ վերատիրանալ Նեւատայի ծերակուտական աթոռին, միաժամանակ կոչ ընելով Նեւատայի հայութեան, որ Նոյեմբեր 7ին կայանալիք քոնկրէսական ընտրութիւններու ընթացքին անոր ի նպաստ քուէարկէ:
Նեւատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին համաատենապետ Արա Շիրինեան կը յայտնէ, թէ Էնսայն միշտ նեցուկ կանգնած է հայկական նախաձեռնութեանց եւ յարգանքը կը վայելէ Հայ Դատի Յանձնախումբի համակիրներուն:
Յանձնախումբին երկրորդ համաատենապետ տոքթ. Արմէն Յովհաննէսեան կը յիշեցնէ, թէ Նոյեմբեր 2005ին Էնսայն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը ներկայացնողներէն մէկն էր եւ Նեւատայի հայութեան հետ կապերը միշտ սերտ պահած է:
Յիշեցնենք, թէ Սեպտեմբեր 29ին Էնսայն Ծերակոյտին առջեւ ելոյթի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ շարք մը այլ ծերակուտականներու «արդարանալի մտահոգութիւնը» կը բաժնէ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Էւընզը պաշտօնազրկելու հարցով: Ծերակուտականը «անընդունելի» որակած էր դեսպանին պաշտօնազրկումը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման կապելու կառավարութեան որոշումը:
Յայտնենք, թէ Նեւատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը այս տարուան Յուլիս 21ին Էնսայնի ի նպաստ դրամահաւաք մը կազմակերպած էր, որու ընթացքի անոր յանձնուած էր Ազատութեան շքանշանը: