Հաղորդակցութիւնը միաւորման ազդակ է։ Թերեւս ասիկա՛ է հայրենիք-Սփիւռք խորհրդաժողովներու հիմնական արժէքներէն մէկը։ Իսկ միաւորումը հայութեան ներկայ հանգրուանին ամէնէն կենսական անհրաժեշտութիւնն է։ Խորհրդաժողովներու եւ անոնց յարակից հանդիպումներու կարճ տեւողութիւնը վստահաբար չեն արտօներ հարցերու խորքային եւ ամբողջական քննարկումի իրականացման, սակայն իրենց ծաւալով եւ արձագանգած խորհուրդով այս հանդիպումները բացառիկ երեւոյթ են եւ համապատասխան արժէք կը ներկայացնեն։ Կասկածէ վեր է, որ հայ անհատը, ուր ալ գտնուի, առհասարակ ինքնութեան լուրջ տագնապ չ՚ապրիր. ան կա՛մ բոլորովին հայ կը զգայ, կամ՝ բոլորովին ուրիշ բան։
Ասիկա անշուշտ չի նշանակեր, որ կայ նաեւ միատարրութիւն. ընդհակառակն, շատ բնական կերպով ականատես ենք կազմաւորումի, մտայնութեան, մտածելակերպի, տեսլականի հսկայական տարբերութիւններու, որոնք կը մատնեն հայկական համաշխարհայնացած հաւաքականութեան բազմազանութիւնը։ Այդ բազմազանութիւնը, ի հարկէ, մէկ կողմէն հարստութիւն է, սակայն միւս կողմէն լուրջ դժուարութիւններու աղբիւր է. դժուարութիւններ՝ զորս հարթելու կոչուած պէտք է ըլլան Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներու օրինակով բոլոր հանդիպումներն ու ձեռնարկները։
Ամէն պարագայի, նոյն հաւաքականութեան պատկանելու զգացումը ուժեղ է հայութեան բոլոր շերտերուն մէջ։ Գիտենք բոլորս, որ սփիւռքահայութիւնը գերմարդկային ճիգեր թափած է հայապահպանման գործին մէջ։ Պահուած է սակայն միայն այն, ինչ որ կարելի եղած է պահել։ Սփիւռքեան վիճակ մը ազգի մը համար անկումային վիճակ ներկայացնելով հանդերձ՝ սփիւռքահայութիւնը կրցած է իր վերապրումին համար անհրաժեշտ կառոյցները ստեղծել՝ այդպէս հասնելով մինչեւ Հայաստանի անկախացումը։ Մօտ երկու տասնամեակէ ի վեր հայութիւնը կ՚ապրի իր պատմութեան մէկ նոր հանգրուանը։ Մէկ կողմէն գոյութիւն ունի անկախ պետականութեամբ օժտուած հայրենիք, միւս կողմէն գոյութիւն ունի հայկական Սփիւռքը, որ թուային առումով դժբախտաբար աւելի մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, քան հայրենիքի մէջ համախմբուած հայութիւնը, այն վերապահութեամբ անշուշտ, որ կարելի չէ Սփիւռքը իբրեւ մէկ ամբողջականութիւն նկատի ունենալ. Սփիւռքը թոյլ կապերով իրարու զօդուած մանր ամբողջութիւններու գումար է, եթէ նկատի չունենանք համասփիւռքեան կամ համահայկական փոքրաթիւ կազմակերպութիւններու շուրջ համախմբուած հաւաքականութիւնը։
Հակառակ ազգային պատկանելիութեան դարերու խորքերէն եկող խորունկ գիտակցութեան՝ ազգային պետութեան հանդէպ հայոց վերաբերումը կը գտնուի տակաւին զարգացման նախնական մակարդակի վրայ։ Ժամանակակից ազգ-պետութիւններու աւելի քան երկու դարերու ժամանակաշրջանին մէջ, հայութիւնը 18 տարիներ միայն ունեցած է անկախ պետական կառոյց։ Առաջին հանրապետութեան կարճ տեւողութիւնը անկախ պետականութեան միայն կարօտը ձգեց, իսկ անկախ պետականութեան գաղափարը տակաւին խորունկ արմատներ չէ նետած հայկական ենթագիտակցութեան մէջ։ Կայացած ազգ-պետութեան մը մէջ աներեւակայելի է պետականութեան խորհրդանիշներուն՝ դրօշին, զինանշանին, ազգային քայլերգին շուրջ վիճաբանութիւնը, մինչդեռ մենք երկար ատեն խնդրոյ առարկայ դարձուցինք այդ խորհրդանիշները, իսկ այսօր կը խօսինք ազգային քայլերգը փոխելու մասին։ Անշուշտ կայունութիւնը կու գայ ժամանակի ընթացքին, իսկ այդ ժամանակը կարելի է կրճատել մտածուած քայլերով. քայլեր, որոնք Հայաստանը հետզհետէ անպայման պիտի վերածեն ամենայն հայոց պետութեան։
Այսօրուան պայմաններուն մէջ Սփիւռքը առանց հայրենիքի դատապարտուած է առաւել կամ նուազ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին անհետանալու։ Անկասկած՝ հայրենիքը առանց Սփիւռքի կրնա՛յ զարգանալ ու բարգաւաճիլ, սակայն Սփիւռքի նիւթական եւ մարդկային ներդրումով անոր զարգացումը կ՚արագանայ եւ աւելի կատարեալ կ՚ըլլայ։ Ուրեմն հայրենիք եւ Սփիւռք իրար լրացնող, իրարու պէտք ունեցող, իրարմով աւելի դիմացկուն դարձող հաւաքականութիւններ են։ Հետեւաբար զօրաւոր Սփիւռք մը բարենպաստ է հայրենիքի հեզասահ զարգացման համար, իսկ ուժեղ հայրենիք մը՝ երաշխիք է սփիւռքահայութեան հայկական դիմագիծի գոյատեւման համար։ Սփիւռքը հայկական անկախ պետականութեան գոյատեւման միջազգային կարեւոր երաշխիք է։ Կարեւոր է նաեւ, որ ժամանակի ընթացքին հետզհետէ ամրապնդուին մէկ հաւաքականութեան պատկանելիութեան առարկայական պայմանները։
Ցարդ շեշտերը դժբախտաբար կը դրուին գլխաւորաբար տարբերութիւններո՛ւն վրայ առնուազն՝ ժողովրդային շրջանակներուն մէջ. մինչդեռ ա՛յդ շրջանակներուն մէջ է, որ մէկութեան գիտակցութիւնը ամէնէն աւելի անհրաժեշտ է։ Հայրենի հայուն համար ինքնութեան հարցը կը լուծուի հողի, հասարակութեան, աշխարհագրութեան, ընտանեկան պատմութեան ինքնին հասկնալի դրուածքներով։ Սփիւռքահայուն համար ինքնութեան գիտակցութիւնը մեծ ճիգի մը արդիւնք կրնայ ըլլալ միայն. դպրոց, եկեղեցի, ընտանեկան հայկական մթնոլորտ, ինքնադաստիարակում. տարրեր, որոնք առհասարակ բացակայ են սփիւռքահայերու մեծամասնութեան առօրեայէն։ Սփիւռքի մէջ շատերու համար հայ ըլլալը ծէս է միայն՝ պար, երգ, շարական, բանախօսութիւն։ Հայրենիքի հետ անմիջական կապը մասնակի դարման մը կրնայ հանդիսանալ։ Շատ կարեւոր է նաեւ սփիւռքահայերուն համար հայաստանեան քաղաքացիութեան դիւրաւ տիրանալ կարենալու խնդիրը՝ երկքաղաքացիութեան հարցի բարւոք լուծումը, որ հայոց վերամիաւորման տեսանկիւնէն հոգեբանական մեծ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։ Վերջ ի վերջոյ սփիւռքահայ հայրենասիրութիւն գոյութիւն չունի. ամբողջ հայութեան համար հայրենասիրութիւնը մէկ է։
Հայաստանը եւ Սփիւռքը ամուր կապերով իրարու զօդելու նպատակով կը մնայ խօսիլ հիմնականին ու խորքայինին մասին, որ կրթութեան եւ մշակոյթի մարզն է։ Մեր համոզումն է, որ հասարակաց անցեալի մշակոյթի ընկալումը բաւարար չէ այդ կապերը հաստատուն նկատելու համար. կրթութեան մարզին մէջ ընդհանրապէս, հայրենագիտութեան, հայերէնագիտութեան եւ ազգային պատմութեան ուսուցման մարզերուն մէջ մասնաւորապէս գոյութիւն ունին հարցեր, որոնք հայութեան զանազան մասնիկները իրարու միացնելու փոխարէն՝ անոնց միջեւ բաժանման յստակ գիծեր կը գծեն յաճախ։ Ընդհանրապէս ընդունուած տեսակէտ է, թէ համաշխարհայնացման պայմաններու մէջ համաշխարհային մասշտապի վրայ տեղի կ՚ունենայ մշակոյթներու միաձուլում եւ լեզուներու աղաւաղում՝ յօգուտ մէկ ու միակ ուժեղ լեզուի, եւ թէ անհեթեթ է խօսիլ ազգային մշակոյթներու եւ լեզուներու յառաջխաղացքի եւ զարգացման մասին։ Այս տեսակէտը ճիշդ չէ, որովհետեւ ինչ ալ ըլլան արտաքին պարտադրանքները՝ ինքնուրոյն մշակոյթի, ինքնուրոյն լեզուի, առհասարակ ինքնուրոյն դիմագիծի առկայութիւնն ու զարգացումը նոյնքան բնական երեւոյթներ են. անոնց փնտռտուքը նոյնքան բնական ու առարկայական պահանջ է, որքան ներկայիս զանազան մարզերու մէջ համաշխարհայնացումը։ Հայ ժողովուրդի միաւորման համար կարեւոր է լեզուական հարցի դասաւորումը։ Անիմաստ է պահանջել, որ գործածական երկու տարբերակներէն մէկը՝ արեւելահայերէնը կամ արեւմտահայերէնը ընդունիլ իբրեւ միակ ու միացեալ լեզու. բայց կարելի է ստեղծել անոնց մերձեցման ու աստիճանական միացման համար անհրաժեշտ պայմանները. կարելի է, լուսարձակներէ հեռու եւ առանց կիրքի լուծել երկու ուղղագրութիւններու խնդիրը՝ գիտական գեղագիտական եւ ազգային սկզբունքներու վրայ հիմնուելով. կարելի է շատ արագ կերպով կազմել հայերէնի, հայրենագիտութեան եւ ազգային պատմութեան ուսուցման համար նուազագոյն ծրագիր մը, որուն հիմնական տարրերը կիրառելի ըլլան հայկական բոլոր վարժարաններուն մէջ եւ նոր արհեստագիտութեանց ընծայած միջոցները գործածող բոլոր դասընթացքներուն համար։ Չենք խօսիր արուեստի հասարակաց ստեղծագործութիւններ կերտելու, հասարակաց մշակոյթ կերտելու մասին, որովհետեւ ատիկա տեղի կ՚ունենայ արդէն արուեստագէտներու փոխայցելութիւններու ստեղծած մթնոլորտին մէջ։ Մէկ խօսքով ամէն ինչ պէտք է ընել՝ ստեղծելու համար հասարակաց նոր հաւաքական յիշողութիւն մը։
Վերջացնելու համար ըսենք, որ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովները վստահաբար անհրաժեշտ են հայութեան միասնականութեան մթնոլորտը ստեղծելու եւ ցուցադրելու տեսանկիւնէն, սակայն անոնք անբաւարար են Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, գործակցութիւնը, ընդելուզումը եւ առհասարակ առօրեայ հաղորդակցութիւնը լաւագոյն արդիւնաւէտութեամբ ղեկավարել կարենալու համար։ Նոր կարծիք մը արտայայտած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ սփիւռքահայութեան նախարարութեան մը գէթ ժամանակաւոր գոյութիւնը կրնայ նպաստաւոր ըլլալ այդ յարաբերութիւններու լաւագոյն կարգաւորման համար. նոյնանման կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդներ այդպէ՛ս կ՚ընեն։ Հետագային, երբ ամէն ինչ կարգի մտած կ՚ըլլայ կարելի է այդ նախարարութիւնը իջեցնել ընդհանուր տնօրէնութեան աստիճանի՝ արտաքին գործոց նախարարութեան հովանիին տակ, որուն, ի դէպ, Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներու կազմակերպման աշխատանքին յարատեւ ու յամառ հետապնդումը միշտ ալ գովելի եղած է։