ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- «Հարւէսթ» ցուցադրասրահը կը տեղեկացնէ, թէ Զարեհի գծագրութիւնները Հոկտեմբեր 20էն մինչեւ Նոյեմբեր 5 պիտի ցուցադրուին նշեալ ցուցադրասրահին մէջ:
Լիբանանի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ արուեստի դասընթացքներու հետեւած եւ շարք մը խմբային ու անհատական ցուցահանդէսներու մասնակցած, ինչպէս նաեւ իւրայատուկ հանրային ցուցադրութիւններ կազմակերպած Զարեհ կը յայտնէ, թէ իր արուեստը բնական հակազդեցութիւն մըն է շրջապատին:
Ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20ին, երեկոյեան ժամը 6ին:
Ցուցադրասրահը բաց է Երեքշաբթիէն Կիրակի, 11էն 7:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է այցելել արուեստագէտին համացանցային կայքը (www.artistzareh.com) կամ հեռաձայնել ցուցադրասրահ՝ (818) 546-1000 թիւով: Ցուցադրասրահին հասցէն է 938 N. Brand Blvd.: