ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթի յատուկ հիւրը պիտի ըլլայ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսա: Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ բազմաթիւ բարձրաստիճան ընտրեալ պաշտօնատարներ՝ տեղական, նահանգային թէ դաշնակցային մակարդակի:
Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Նոյեմբեր 12, 2006ին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող Marriott պանդոկին մէջ: Հանդիսավարն է, ինչպէս հաղորդած էինք, ֆրանսահայ դերասան Սիմոն Աբգարեան: Պիտի պատուուի Լոս Անճելըսի կրթական բարձրաստիոճան պաշտօնատարներէն Պապ Քոլինզ՝ իբրեւ «Տարուան մարդը», Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթը հանրային դպրոցներու կրթական ծրագրին մէջ ընդգրկելու ճիգերուն մէջ իր ներդրումին համար:
Նաեւ, Հայ Դատի գործիչներ Խաժակ Սարգիսեան եւ Սերժ Սամոնեանց պիտի պատուուին «Վահան Գարտաշեան» մրցանակով, Հայ Դատի բնագաւառէն ներս երկար տարիներու իրենց անխոնջ աշխատանքին համար:
Խօսք պիտի առնէ նաեւ քաղաքապետ Վիարայկոսա: Ներկայ պիտի գտնուին նաեւ քոնկրէսական Էտըմ Շիֆ, քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Սինտի Մոնթանիեզ եւ Քարոլ Լիու, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ալեքս Փատիյա, Կլէնտէյլի քաղաքապետ Րաֆֆի Մանուկեան եւ բազմաթիւ այլ պաշտօնատարներ:
Յիշեցնենք, որ ճաշկերոյթին պիտի նախորդէ ընդունելութիւն՝ ժամը 5:30ին, իսկ պաշտօնական յայտագիրը նախատեսուած է ժամը 7ին: