ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեզուի պետական տեսչութիւնը 2007ը յայտարարած է Մայրենի լեզուի տարի: Ըստ տեսչութեան պետ Լ. Միրզոյեանին, տարին պիտի սկսի Մայրենիի օրը՝ Փետրուար 21ին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ան նաեւ նշեց, որ տարուան շրջանակներով նախակրթարաններուն, դպրոցներուն, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ պիտի կազմակերպուին մայրենի լեզուին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ:
Երեւանի մէջ նախատեսուած են պատանի ընթերցասէրներու համաքաղաքային հաւաք-մրցոյթ, մանկական գիրքի շաբաթ, քննարկումներ, հանդիպումներ, գիրքերու շնորհահանդէսներ: Պիտի կազմակերպուին նաեւ գիտական նստաշրջաններ՝ նուիրուած հայերէնի միասնական ուղղագրութեան, եւ շարք մը այլ ձեռնարկներ:
Նշենք, որ արդէն 3րդ տարին ըլլալով Փետրուար 21ը պետականօրէն կը նշուի որպէս Մայրենիի օր:
Լ. Միրզոյեան նշեց նաեւ, որ արդէն պատրաստ է լեզուական քաղաքականութեան պետական ծրագիրի նախագիծը, եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարարի յանձնարարութեամբ, Փետրուարի վերջին օրերուն պիտի ներկայացուի հրապարակային քննարկման. «Այս խնդիրը յստակ առնչւում է մեր ժողովրդի կարեւորագոյն խնդրին՝ լեզուի պահպանութեանը, տարածմանը եւ զարգացմանը: Լեզուի պահպանութիւնը համաժողովրդական, ազգային անվտանգութեան խնդիր է, հետեւաբար՝ ազգովին պէտք է մտածենք, թէ ի՞նչ լեզու ենք փոխանցելու վաղուայ սերնդին», ընդգծեց ան: