ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Սպիտակ տունը Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4ին յայտարարեց, թէ նախագահ Ճորճ Պուշ ընդունած է ՄԱԿի դեսպան Ճան Պոլթընի պաշտօնէն հեռացումը, սակայն «յուսախաբ է», որ Ծերակոյտը դէմ դրած է անոր նշանակման:
Յիշեցնենք, թէ Պուշ Ծերակոյտը շրջանցելով Օգոստոս 2005ին Պոլթընը ՄԱԿի դեսպան նշանակած էր, որովհետեւ ծերակուտականներուն մեծամասնութիւնը ընդդիմացած էր անոր նշանակումին: Պուշի արտակարգ նշանակումը կը նշանակէր, թէ Պոլթըն առաւելագոյնը մինչեւ Յունուար 2007 կրնար իր պաշտօնին վրայ, եթէ մինչ այդ Ծերակոյտին աջակցութիւնը կարելի ըլլար ապահովել:
Նկատի ունենալով, որ Նոյեմբերի ընտրութիւններէն ետք Պոլթընի ընդդիմացող ծերակուտականներուն թիւ բազմացաւ, անոր նշանակման վաւերացումը ապահովելը գրեթէ անկարելի դարձաւ:
Դեմոկրատ Ճան Քերի ողջունեց Պոլթընի հեռացումը, յատկապէս այս օրերուն, երբ Միջին Արեւելքը քաոսի սեմին կը գտնուի եւ Ուաշինկթըն կը դիմագրաւէ Հիւսիսային Քորէայի եւ Իրանի հիւլէական տագնապները: