ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու մէջ չլուծուած խնդիրներ չկան: «Յարաբերութիւնները զարգանում են գործնականում բոլոր ուղղութիւններով: Դժուար է գտնել մի բնագաւառ, որտեղ չլուծուած խնդիրներ լինէին», ըսաւ ան Փետրուար 1ին Քրեմլինի մէջ հրաւիրուած մամուլի ասուլիսին:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ կողմէ կատարուող տնտեսական մեծ ներդրումներուն, զանոնք համարելով «ուժանիւթի ոլորտի ներդրումներ»:
Ան մասնաւորապէս ըսաւ, որ Ռուսիա կը մասնակցի Իրանէն սկիզբ առնող կազամուղի շինարարութեան, նաեւ ջրային ուժանիւթի արտադրութեան:
Ռուսիոյ նախագահը աւելցուց, որ վերջերս Սոչի կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին Ռ. Քոչարեան շարք մը առաջարկներ ըրած է ադամանդագործութեան, երկրորդային մշակման ապրանքներու արտադրութեան մասին: Ռուսիա մտադիր է վերագործարկել նաեւ Հայաստանի մէջ իրեն պատկանող ձեռնարկութիւնները:
Ինչ կը վերաբերի Ռուսիա-Հայաստան քաղաքական յարաբերութիւններուն, Փութին յատկապէս ըսաւ՝ «Հայաստանի հետ մենք շատ կայուն, ոչ թէ պարզապէս վստահելի, այլ ռազմավարական յարաբերութիւններ ունենք, այդուհանդերձ, կազի դիմաց Հայաստանը վճարում է շուկայական գներով»: Փութին իր խօսքը աւարտեց ընդգծելով յատկապէս Ռուսիա-Վրաստան վատ յարաբերութիւնները, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ Ռուսիոյ դեսպանի վերադարձը Թիֆլիս առաջին քայլը կ’ըլլայ այդ երկրի հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու ուղղութեամբ: