ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը Փետրուար 1ին հաստատեց Ազգային ժողովի Մայիս 12ի ընտրութիւններու նախապատրաստութեան եւ կազմակերպման ժամանակացոյցը:
Համաձայն ժամանակացոյցի՝ ԱԺի համամասնական ընտրակարգով պատգամաւորութեան թեկնածուներու առաջադրման փաստաթուղթերը ԿԸՅ պէտք է ներկայացուին Փետրուար 26էն մինչեւ Մարտ 3: Նոյն ժամկէտին ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովներ պէտք է ներկայացուին նաեւ ԱԺ մեծամասնական ընտրակարգով պատգամաւորութեան թեկնածուներու փաստաթուղթերը: Թեկնածուներու արձանգրութեան համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերը յանձնաժողովներ պէտք է ներկայացուին մինչեւ Մարտ 28:
Մինչեւ Ապրիլ 7 պէտք է կատարուի կուսակցութիւններու, դաշինքներու, պատգամաւորութեան թեկնածուներու արձանագրութիւնը, նախընտրական քարոզչութիւնը պիտի սկսի Ապրիլ 8ին եւ աւարտի քուէարկութենէն մէկ օր առաջ՝ Մայիս 10ին: Թեկնածուներ իրենց թեկնածութիւնը, իսկ կուսակցութիւնները եւ դաշինքները իրենց ցուցակները իրաւունք ունին հրապարակելու մինչեւ Մայիս 2: Քարոզչական պաստառներ փակցնելու համար տարածքներ պիտի յատկացուին մինչեւ Ապրիլ 13: Թեկնածուներու, կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու վարկանիշերու վերաբերեալ հարցախոյզերու արդիւնքներու հրապարակումը կ’արգիլուի Մայիս 5-12՝ ժամը 20ին:
Ընտրական տեղամասերը եւ տեղամասային կեդրոնները պիտի կազմուին մինչեւ Մարտ 28, տեղամասային ընտրական յանձնաժողովները պիտի ձեւաւորուին Ապրիլ 23-26, առաջին նիստը պիտի հրաւիրեն Ապրիլ 27ի կէսօրին: Դէտերը հաւատարմագրման համար կրնան դիմել մինչեւ Մայիս 2:
Դիւանագիտական կամ հիւպատոսական ներկայացուցչութիւններուն մէջ ընտրողներու ցուցակները պիտի կազմուին մինչեւ Մայիս 12ի կէսօր:
Քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 12ին՝ ժամը 8-20: Տեղամասի քուէարկութեան արդիւնքներու վերաբերեալ կազմուած արձանագրութիւնը պիտի հրապարակուի Մայիս 13ին, մինչեւ ժամը 6, ընտրութիւններուն մասնակցած ընտրողներու թիւի մասին ամփոփ տուեալները պաշտօնապէս պիտի հրապարակուին Մայիս 13ին, մինչեւ ժամը 10:
ԱԺ մեծամասնական ընտրակարգով ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները պիտի ամփոփուին, արձանագրութեամբ պիտի վաւերացուին մինչեւ Մայիս 13՝ ժամը 14, համամասնական ընտրակարգով ընտրութեան նախնական արդիւնքները՝ մինչեւ նոյն օրուան ժամը 20: