ՄՈԿԱՏԻՇՈՒ, ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Քենիոյ իշխանութիւնները արտաքսած են աւելի քան 420 գաղթականներ, որոնք Սոմալիի մէջ բախումներէն փախուստ տալով ապաստանած էին Քենիա: ՄԱԿի գաղթականներու հարցերու գործակալութիւնը կը յայտնէ, թէ միջազգային օրէնքը ոտնակոխուած է, երբ մեծ մասամբ կիներ եւ երեխաներ սահմանամերձ գաղթակայանի մը մէջ բեռնակառքերու վրայ բեռնաւորուելով հեռացուած են: Քենիացի զինուորներ Սոմալիի հետ սահմանը փակած են եւ խիստ հսկողութիւն հաստատած՝ արգելք հանդիսանալու համար, որ Սոմալիէն զինեալներ Քենիա թափանցեն: Սակայն կառավարութիւնը Սոմալիի հետ սահմանը պաշտօնապէս փակ չէ յայտարարած: Մինչ այդ, Սոմալիի հետ կապի խմբակցութեան եւրոպացի անդամները հանդիպում մը կ՚ունենան Պրիւքսէլի մէջ՝ քննելու համար Սոմալիի մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն Եւրոպայի օժանդակութեան կարելիութիւնները: Եւրոպական միութիւնը Սոմալիի օժանդակութիւն տրամադրող մեծագոյն կողմն է եւ աշխուժօրէն մասնակից է միջնորդական գործընթացին: Հանդիպումին մասնակից կողմերն են՝ Բրիտանիա, Իտալիա, Նորվեկիա, Շուէտ եւ Գերմանիա: Վերջինս այժմ կը վարէ Եւրոպական միութեան նախագահի պաշտօնը:
Սոմալիի մէջ, Հինգշաբթի օր բախումները շարունակուեցան մէկ կողմէ տեղւոյն ժամանակաւոր կառավարութեան ու եթովպիական ուժերուն, իսկ միւս կողմէ մայրաքաղաքէն հեռացուած Իսլամական ատեաններու խորհուրդին զինեալներուն միջեւ:
Նկարին մէջ, սոմալցի գաղթական երեխայ մը: