ՓԱՐԻԶ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար եւ նախագահական հաւանական թեկնածու Նիքոլա Սարքոզի յայտնած է, թէ երկու առիթներով Թուրքիոյ վարչապետին հետ հեռաձայնով խօսած է Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծին կապակցութեամբ:
Սարքոզի անոր յայտնած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականօրէն պատժող օրինագիծին քուէարկութիւնը կարելի է կասեցնել միայն երեք պայմաններով. առաջին՝ Հայաստան-Թուրքիա երկկողմանի եւ հաւասարակշռուած յանձնախումբի մը կազմութեամբ, որուն մէջ պիտի ըլլան ոչ միայն պատմաբաններ, այլ նաեւ քաղաքագէտներ, երկրորդ՝ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացումը, իսկ երրորդ՝ ջնջում Թուրքիոյ քրէական օրինագիրքին 301րդ յօդուածին, որ կը սահմանափակէ արտայայտուելու ազատութիւնը:
Սարքոզի աւելցուցած է, թէ վստահ չէ, որ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանին կրցած է համոզել։
Սարքոզի նաեւ յայտարարեց, որ դէմ է Թուրքիան Եւրոպական միութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին, նոյնիսկ եթէ Անգարա ընդունի Հայկական Ցեղասպանութիւնը: «Ես առանձնաշնորհեալ գործընկերութեան գաղափարին կողմնակից եմ՝ լիիրաւ անդամակցութեան փոխարէն», ընդգծեց ան:
Սարքոզի նաեւ քննադատեց Բրիտանիոյ վարչապետին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Թուրքիոյ տրամադրուած անսակարկ աջակցութիւնը այս հարցով:
Յայտնենք, թէ Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան օրին յայտարարած էր, թէ վարչապետ Էրտողանի առաջարկած յանձնախումբին պէտք է մասնակցին նաեւ քաղաքագէտներ։
Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան շաբաթասկիզբը հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսացի գործարարներու հետ: Ան հանդիպման ընթացքին բողոք յայտնեց Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտողներուն համար քրէական պատասխանատուութիւն սահմանող օրինագիծի քննարկման վերաբերեալ: Էրտողան ըսաւ, որ «Ֆրանսա սխալ որոշում տուած է ազգերու միջեւ տեղի ունեցած պատերազմի մասին: Ինչպէ՞ս կրնայ այդ հարցը կարեւոր ըլլալ Ֆրանսայի համար: Զբաղեցէք ձեր գործերով», ընդգծեց Էրտողան: Ան նաեւ աւելցուց, որ այս հարցը պէտք է ուսումնասիրուի պատմաբաններու, իրաւաբաններու եւ գիտնականներու կողմէ:
Էրտողան նաեւ հարց տուաւ, թէ ինք ե՞ւս պիտի ձերբակալուի, եթէ օր մը Փարիզ երթայ ու հոն յայտարարէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած։ Ան ֆրանսացի գործարարներէն գործնական միջամտութիւն խնդրեց եւ ըսաւ, որ անոնք պէտք չէ գոհանան «նամակ գրեցինք կամ բողոքեցինք» ըսելով:
Թուրքիա այլ ճակատներէ եւս հակայարձակումի անցած է Ֆրանսայի դէմ, կանխարգիլելու համար ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն նկատող նոր օրինագիծին վաւերացումը։ Թրքական մամուլը եւս լեցուն է ֆրանսացիներուն դէմ յօդուածներով։
Անգարայի Ճարտարարուեստի գրասենեակը եւս յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ մէջ պոյքոթի պիտի ենթարկուին ֆրանսական արտադրութիւնները։
Թուրք քաղաքական դէտերու համաձայն, նոր տագնապ մը պիտի ստեղծուի Ֆրանսայի ու Թուրքիոյ միջեւ, եթէ բանաձեւը վաւերացուի: