ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 31էն Յունուար 4, շտապ օգնութիւնը սպասարկած է 2544 կանչերու: Այս տարի նոյնպէս շտապ օգնութեան աշխատակազմը Դեկտեմբեր 28էն աշխատած է ուժեղացուած կարգով:
Ըստ շտապ օգնութեան սպասարկութեան տնօրէն Արտեոմ Պետրոսեանի, նշուած օրերուն արտառոց դէպքեր չեն արձանագրուած: Գերակշռած են կազէն, ալքոլէն, սննդային թունաւորման դէպքերը, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներու արկածներ:
Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն՝ այս տարի մանկական պայթուցիկներէն տուժած է ընդամէնը մէկ մարդ:
Նշենք, որ շտապ օգնութեան հիւանդակառքերը այս օրերուն հերթապահութիւն կը կատարեն նաեւ մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: