«Համազգային»ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան հովանին վայելող Հալէպի Հայագիտական հիմնարկին մասին թերեւս շատեր անտեղեակ են եւ կամ ալ իրենց տեղեկութիւնները գրեթէ սահմանափակ են: Նման հիմնարկ մը նաեւ տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունէր Պէյրութի մէջ, որ ներկայիս պայմաններու բերումով դադրած է գործելէ:
Սփիւռքի տարածքին իր տեսակին մէջ հազուագիւտ այս հիմնարկին մասին առաւել եւս ծանօթանալու եւ զայն ճանչցնելու համար, օգտուելով «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Ժամագործեանի (Սուրիայէն) շրջանս այցելութենէն, «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը գաղափարը յղացած էր կազմակերպել հրապարակային հանդիպում-զրոյց մը հիւրին հետ:
Հինգշաբթի, 4 Յունուար, 2007ի երեկոյեան ժամը 8ին, Լա Քրեսէնթա Հովիտի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, մտերմիկ ու հաճելի մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ սոյն հանդիպում-զրոյցը, որուն ներկայ էին «Համազգային»ի մասնաճիւղերու վարչական կազմերու ներկայացուցիչներն ու անդամները, ինչպէս նաեւ խումբ մը համազգայնականներ:
Ձեռնարկի բացման իր խօսքին մէջ, յանուն «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան, ատենապետ Հրայր Շէրիքեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ապա ծանօթացուց հիւրը:
Իր խօսքին սկիզբը, Վահէ Ժամագործեան նախ շեշտեց, թէ ընդհանրապէս հալէպցիները շատ կը սիրեն խօսիլ ու արտայայտուիլ իրենց քաղաքին մասին…:
«Հալէպահայ գաղութը իր կազմակերպուածութեամբ եւ աշխուժութեամբ ծանօթ է բոլորին», ըսաւ ան, ապա պարզեց, թէ շատ հաւանաբար ասոր վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ Հալէպի պատմական դիրքը, իր բերդով, իր նշանաւոր փակ շուկայով ու արեւելեան բաղնիքով, մզկիթներու եւ եկեղեցիներու տարօրինակ մերձեցումով եւ աւելին՝ հայաբնակ թաղերու հայաբոյր մթնոլորտով եւ անուններով՝ Զարեհ Ա., Հոգետուն, «Արամ Մանուկեան» կեդրոն եւայլն:
«Այս բոլորին վրայ պէտք է անպայման աւելցնել նաեւ, թէ Հալէպ պատմական մեր հայրենիքի ամէնէն մօտիկ եւ կազմակերպուած գաղութն է: Մեր երկրի հոտը, բոյրն ու կարօտը տակաւին կ’ապրի հալէպահայու սիրտերուն ու մտքերուն մէջ», ըսաւ ան:
Ապա Ժամագործեան յայտնեց, թէ ներկայիս Հալէպի մէջ կան 11 հայկական նախակրթարաններ, 3 ճեմարաններ ու աշխուժօրէն կը գործեն մշակութային եւ մարզական 13 միութիւններ:
Հաճելի պատկերացումներով եւ համեմուած խօսքերով զեկուցաբերը ներկայացուց նաեւ հալէպահայութեան յատուկ հայապահպանման եւ հայակերտման հին ու նոր կառոյցները, մէկ առ մէկ յիշելով ՍՕԽ պատսպարանը, «Արեւիկ» կեդրոնը, Հայ ծերանոցը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի գեղեցիկ շէնքերը, որոնք հակառակ տնտեսական բազմատեսակ տագնապներուն, շնորհիւ գաղութի անսակարկ ներդրումին, կը գործեն աշխոյժ եւ խանդավառ: Ներկաներուն պարզեց նաեւ Հալէպ քաղաքի հնամենի թաղերու հայ կեանքը իր բազմաշերտ ու քաղցր երեսներով ու գոյներով:
«Այս բոլորէն ետք, իբրեւ համազգայնական ո՞ւր ենք մենք, հարց տուաւ հիւր զրուցաբերը ու աւելցուց, թէ մեր մշակութային ներդրումը կու գայ ընդհանուր կազմակերպուած աշխատանքէն»:
Անցնելով «Համազգային»ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան հովանին վայելող Հալէպի Հայագիտական հիմնարկին, որ հիմնուած էր 1996ին, ան աւելցուց, թէ Հայագիտական հիմնարկը առիթ կ’ընծայէ հայագիտական նիւթերու նկատմամբ հակում ունեցող ուսանողներուն՝ իրենց ուսումը շարունակելու, ինչպէս նաեւ կը պատրաստէ եւ կը վերաւորակաւորէ գաղութի ուսումնական հաստատութիւններուն ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ գաղութի միութիւններուն որակաւոր մարդուժ:
«Համազգային»ը դրօշակիրը ըլլալով այս առաքելութեան, 10 տարիներ առաջ հիմը դրաւ սոյն հիմնարկին՝ Հալէպի «Քարէն Եփփէ» ազգ. ճեմարանէն ներս: Այս ընտրութիւնը պատահական չէր, այլ հոգեկան ու բարոյական կապուածութեան մը արդիւնքը, որ կու գար 1940ական թուականներու վերջերէն, երբ Զարեհ վարդապետ եւ Հրաչ Փափազեան մեր նոր սերունդին հայակերտումի նոր հաստատութեան մը հիմը կը դնէին», ըսաւ ան:
Ժամագործեան աւելցուց, թէ շաբաթական հինգ օրերու դրութեամբ գործող հիմնարկին կրնան հետեւիլ սուրիական պետական պաքալորիա ունեցող, նախընտրաբար հայկական ճեմարանի մէջ երկրորդական ուսումը ստացած ուսանողներ: Ծրագիրի տեւողութիւնը 4 տարի է, որու աւարտին ուսանողը կը ստանայ վկայական՝ վաւերացուած «Համազգային»ի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան կողմէ:
Հիմնարկը յատուկ համաձայնագիր մը կնքած է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանին հետ, եւ առիթ կ’ընծայէ հիմնարկէն վկայեալ ուսանողին՝ իր ուսումը կատարելագործելու հայրենի յիշեալ համալսարանէն ներս:
Անդրադառնալով հիմնարկէն ներս տրուած նիւթերուն, ան աւելցուց, թէ հոն կը դասաւանդուին հայոց լեզու, գրաբար, արդի հայ գրականութիւն, բանահիւսութիւն, միջազգային գրականութիւն, գրականութեան տեսութիւն, աղբիւրագիտութիւն, Հայաստանի աշխարհագրութիւն, հայ գիրի պատմութիւն, մանկավարժութիւն, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն եւ խօսքի զարգացում:
Դասախօսական կազմը բաղկացած է գաղութի եւ հայրենի ուժերէ: Ասոր կողքին, օգտուելով հայրենիքէն հիւրընկալուած մասնագէտ դասախօսներու Հալէպ ներկայութենէն, հիմնարկը կը կազմակերպէ նաեւ յատուկ դասընթացքներ մանկավարժութեան, հայոց պատմութեան, հայերէն լեզուի եւ այլ նիւթերու շուրջ:
Անցնող 10 տարիներուն շրջանաւարտներու թիւը հասած է 32ի, որոնց վերջին 3ը արդէն իրենց ուսումը կը շարունակեն վերեւ յիշուած հայրենի համալսարանէն ներս: Ներկայիս ուսանողութեան թիւն է 52: Շրջանաւարտները մեծամասնութեամբ ընդգրկուած են գաղութի վարժարաններուն ուսուցչական կազմերուն մէջ եւ կամ ստանձնած՝ միութենական պատասխանատու պաշտօններ:
Հիմնարկի տարեկան ամավարկը տասը հազար տոլար է: Ուսանողներէն կը գանձուի միայն չնչին գումար մը:
Վահէ Ժամագործեան սպառիչ կերպով պարզելէ ետք Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի մանրամասնութիւնները, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց նաեւ «Համազգային»ի Սուրիոյ ընտանիքը իր մասնաճիւղերու եւ միաւորներու բեղուն աշխատանքներով:
Այսպէս, ներկայիս Սուրիոյ մէջ կան «Նիկոլ Աղբալեան» (Հալէպ), «Համօ Օհանջանեան» (Քեսապ), «Վահան Նաւասարդեան» (Լաթաքիա), «Աւետիս Ահարոնեան» (Քամիշլի) եւ «Լեւոն Շանթ» (Դամասկոս) մասնաճիւղերը: Իսկ միաւորներն են «Զուարթնոց» երգչախմբայինը, «Զաւարեան» թատերախումբը, Հայագիտական հիմնարկը եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցը:
Իր կարգին, Հալէպի մասնաճիւղ՝ «Նիկոլ Աղբալեան»ը ունի «Արշիլ Կորքի» արուեստանոցը, «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը, էսթրատային նուագախումբը եւ «Սարտարապատ» պարախումբը, որոնք ամսական եւ տարեկան ելոյթներով մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծեն Սուրիոյ ազգային կեանքէն ներս:
Անկախ Սուրիոյ «Համազգային»ի աշխատանքներէն եւ ծրագիրներէն, զեկուցաբեր Ժամագործեան պարզեց նաեւ հալէպահայ գաղութին՝ իրենց քաղաքին մատուցած զանազան ծրագիրներն ու իրագործումները, որոնք գնահատանքով յիշուած են պետութեան եւ յատկապէս մշակութային նախարարութեան կողմէ:
Իր խօսքի աւարտին, Վահէ Ժամագործեան շրջաններու փորձառութենէն օգտուելու գաղափարէն մեկնած, շրջաններու միջեւ յարաբերութեան եւ միացեալ աշխատանքի ու ծրագիրներու փոխանակման գեղեցիկ կոչը ըրաւ եւ ապա յիշեցուց, թէ մինչեւ վերջերս Հայագիտական այս օգտաշատ ու անհրաժեշտ հիմնարկը նիւթապէս ինքնաբաւ եղած էր: Սակայն հայ բարեսիրական հաստատութիւն մը, անցնող տարեշրջանին նիւթական իր ներդրումը դադրեցնելով, հիմնարկը մատնած էր նիւթական նեղ կացութեան:
«Հիմնարկը միակն է, սակայն մինակը չէ, աւելցուց զեկուցաբերը, ուստի իր գոյութեան, բարգաւաճման եւ զարգացման համար ձեր բոլորին ներդրումը էական է»:
Այս օգտաշատ ու շինիչ զեկուցումէն ետք տեղի ունեցաւ հարց պատասխանի բաժինը, որմէ ետք ներկաները առիթ ունեցան սրտ-բացօրէն զրուցելու հիւր համազգայնականին հետ իրենց միութեան եւ ծննդավայրին մասին: