Արագավազ է ներկայի դարը: Իրապաշտ ալ է ու գործնական:
Ոչ մէկ կասկած:
Ու այս օրերուն, խելայեղ արագութեան այս դարուն, երբ ամէն օր գիտութիւնը նորութեամբ մը մեզի կը ներկայանայ, երբ կը փորձենք խօսիլ «Համազգային»ի մասին, չենք կրնար ձեռնածալ մնալ եւ, իբրեւ պարզ հանդիսատես, դիտել կամ մշակոյթ քաջալերել եւ կամ մեր հինցած միջոցներով եւ ձեւերով փորձել մեր միութիւնը բարգաւաճ պահել:
Այսօր ամէն բանէ աւելի ներկայ են այլասերման, համաշխարհայնացման եւ նիւթական դժուարութիւններու մտահոգութիւններն ու սպառնալիքները:
Միւս կողմէ սակայն, մարդիկ այլեւս յոգնած են լոզունգներ լսելէ: Խօսքին հետ անմիջական գործն ալ պէտք է շաղախուած հրամցուի բոլորին հաւասարապէս, այլապէս տեղքայլէ աւելի յետքայլ ըրած պիտի ըլլանք: Այս բոլոր մտածումները յանկարծ կը լեցնեն մեր ուղեղները, երբ ակամայ կը փորձենք մեր մտքերէն եւ հոգիներէն ծորող բարեմաղթութիւններով, բազմատեսակ մտահոգութիւններով եւ թելադրանքներով եւ կամ ալ զանազան նորութիւններով հանրութեան ներկանալ:
Նոր տարուան առթիւ, երբ վայրկեան մը կ’ուզենք կանգ առնել «Համազգային»ի սեմին ու դիտել հոն շարուած մեր գործերուն ու իրականացած աշխատանքներուն թղթածրարները եւ լսել անոնց արձագանգը, դարձեալ հպարտութեամբ կը լեցուին մեր հոգիները:
Այո՛, ճի՛շդ է, որ չի բաւեր անցեալի մեծութեան կռթնիլ:
Ուստի պարտաւոր ենք իրականութեան հետ ապրիլ ու այս պարագային՝ էականը փնտռել, որ ստեղծելու ընդունակութեան մէջն է:
Բայց կը կարծենք, որ իրականութիւնը այն է, թէ «Համազգային»ը ամէնուրեք իր ներած ու սահմանուած ուժերով մեր բոլոր գաղութներէն ներս հայ երիտասարդներուն բացուելու, զանոնք հայ մշակոյթի գործին մասնակից դարձնելու ու անոնց մշակութային գործին ապագան յանձելու անհրաժեշտ աշխատանքին լծուած է:
Այսպէս, հայրենիքէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր սահմանները, «Համազգային»ի մեծ ընտանիքը ճեմարաններով, հրատարակութիւններով, մշակութային եւ գեղարուեստական բազմատեսակ գործունէութիւններով եւ նախաձեռնութիւններով, մէկ խօսքով, հայ մշակոյթի ճամբով տարի մը եւս ճգնեցաւ մեր ազգային գոյատեւման ի խնդիր:
Ու անկասկած, որ մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն եւ յատկապէս մեր նոր սերունդին հայութեան աւիշ տարածելու իր ճիգն ու աշխատանքը ի դերեւ չեն ելլեր: Փաստ՝ այս շրջանէն ներս հրամցուած ու կազմակերպուած «Համազգային»ի բոլոր ծրագիրները, որոնք գտան մեր ժողովուրդի անվերապահ աջակցութիւնը:
Ահա «Համազգային»ի գլխաւոր դերերէն՝ մեծագոյնը:
Մշակութասէրներուն համար «Համազգային»ի մասին խօսիլ կը նշանակէ խօսիլ հայ արժէքներու եւ մշակոյթին մասին:
Կասկած չկայ, որ իբրեւ հայ, մեզի համար առաջնահերթ էականութիւն է մեր մշակութային ժառանգութիւնը արդի միջոցներով պահպանելն ու զայն տարածելու անհրաժեշտութիւնը:
Ու պատիւ իրեն, «Համազգային»ը՝ Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, որ ծնունդ առած է Գահիրէի մէջ, Մայիս 28, 1928ին, իր ուսերուն վրայ վերցուցած է աշխարհացրիւ հայութեան վերեւ նշուած մշակութային, կրթական եւ լեզուական հարստութեան պահպանման եւ զարգացման ծանր առաքելութիւնը:
Ու բոլոր միութիւններու նման ան ալ ունեցած է մշակութային երազներ, որոնք տարուէ տարի հաւատքի վերածուելով, իրականութիւն դարձած են:
Ու կրկնութեան գնով կը շեշտենք նաեւ, թէ ան աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնէն ներս, իր երդիքին տակ ապրեցուցած է եւ տակաւին կը շարունակէ ապրեցնել ճեմարաններ, երգչախումբեր, պարախումբեր, թատերախումբեր, գրական, մշակութային եւ գեղարուեստական տարբեր ձեռնարկներ, խրախուսիչ մթնոլորտ ու խանդավառութիւն ստեղծելով իր շրջապատէն ներս:
Միւս կողմէ, մարդուժի տագնապը ամէն տեղ է: Ասոր զուգընթաց է նաեւ նիւթականի անբաւարարութեան տագնապը: Կայ նաեւ հայ ինքնութեան պահպանումի կարօտը, որ իմացական շարժման թարմութեան հետ, հայ միտքի զարթնումին եւ սթափումին պիտի ծառայէ:
Ուստի դժուարութիւնները շատ են, սակայն մեր ժողովուրդի սէրն ու յարգանքը, անոր բոլոր խաւերուն անսակարկ քաջալերանքը ուժ եւ շունչ կու տան «Համազգային»ի նուիրական առաքելութեան:
Առանց այդ քաջալերանքին, յարգանքին, վստահութեան, սիրոյն եւ միութենականներու անսակարկ զոհաբերման՝ կը չքանան անոր բոլոր երազները:
Մէկը առանց միւսին չի կրնար գործել: Անոր համար «Համազգային»ը միշտ երախտապարտ է իր ձեռնարկները հովանաւորողներուն, բարերարներուն ու բարեկամներուն եւ իր անդամ-անդամուհիներուն անսակարկ զոհաբերութեան:
Ներկայիս «Համազգային»ը զինք առաւել եւս հետաքրքրական դարձնելու համար, նախկինէն բոլորովին տարբեր ներշնչումով, ժամանակակից եւ արդիական մօտեցումով մեր սերունդին հայ մշակոյթին առաւելագոյն չափով մօտեցնելու եւ կամ անոր առաջնորդելու միտումով Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը օժտած է համացանցի կայքէջով մը՝ Hamaz-kayin.net անունով, ուր շաբաթական թարմացումով հանրութեան կը հրամցուի «Համազգային»ի ընտանիքի տեղական կամ այլուր բոլոր լուրերը:
Կարեւորը, «Համազգային»ի լեզուական եւ մշակութային չափանիշները պահելով հանդերձ անպայման հայ երիտասարդին նորօրեայ հասկացողութեամբ հայ մշակոյթով ներգրաւելն է:
Ահա նոր հանգրուանի մը սկիզբը, որուն ծրագրումին համար օրեր լուսցնելը անհրաժեշտութիւն է: Ու այս մէկուն համար նախապայման է սկսիլ անմիջապէս, այսօրուընէ իսկ, այլապէս՝ վաղը ուշ է արդէն:
«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի 2006 ՏԱՐԻՆ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Ե. պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 13,14 եւ 15 Ապրիլ 2006ի յաջորդական 3 օրերու ընթացքին, Լիբանանի Այն Սաատէ գիւղի «Ռոյալ փարք» պանդոկին մէջ՝ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու, Քանատայի, Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի, «Համազգային»ի շրջաններն ու մեկուսի մասնաճիւղերը ներկայացնող պատգամաւորներու եւ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ:
Երեք յաջորդական օրերու ընթացքին պատգամաւորական ժողովը լսեց ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան գործունէութեան նիութաբարոյական քառամեայ տեղեկագիրը, Պէյրութի եւ Մարսիլիոյ ճեմարաններու, «Բագին»ի եւ «Վահէ Սէթեան» տպարանի, հրատարակչականի, գրատարածի, կալուածներու եւ Հայաստանի գրասենակին ու շրջաններուն մասին յատուկ զեկուցումները:
Շրջանս կը ներկայացնէին ընկերներ՝ Հրայր Շէրիքեան, Հրաչ Սիմոնեան եւ Գէորգ Պետիկեան եւ Կեդրոնական վարչութենէն շրջանիս ներկայացուցիչ Եդուարդ Մսըրլեան:
Այս մասին պատգամաւորները Կիրակի, 10 Սեպտեմբեր 2006ին, Լա Քրեսէնթայի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ պաշտօնապէս զեկուցեցին շրջանիս «Համազգային»ի ընտանիքի անդամներուն:
«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՉԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ 2006 ՏԱՐԻՆ
1.- Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2006
Մեծարանքի երեկոյ, նուիրուած՝ հանրածանօթ ծաղրանկարիչ Մասիս Արարատեանի՝ Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահ: Խօսք առին Վաչէ Բրուտեան, Վաչէ Սէմէրճեան, Յովհաննէս Հաննէսեան, Սարգիս Մահսէրէճեան, Արազ Արարատեան եւ Եդուարդ Մսըրլեան:
2.- Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2006
Հանդիպում «Բագին» պարբերաթերթի նոր խմբագիր Յակոբ Պալեանի հետ, Լա Քրեսէնթա Հովիտի Հայ կեդրոնի սրահ – Նիւթ՝ «Բագին»ի նոր դիմագիծը:
3.- Ուրբաթ, 7 Յուլիս 2006
Գրական երեկոյ, նիւթ՝ գրագէտ Եդուարդ Պոյաճեանի արձակը: Ներկայացնող՝ ծանօթ մտաւորական եւ «Բագին»ի նախկին խմբագիր Պօղոս Սնապեան, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահ:
4.- Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբեր 2006
Վահէ Օշականի յետմահու հրատարակուած «Ճամբորդը» երկի ներկայացում գրաքննադատ եւ բանաստեղծ Մարուշ Երամեանի կողմէ, հրաւիրուած՝ Հալէպէն:
Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահ:
5.- Շաբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2006
Միօրեայ սեմինար «Օր մը Վահէ Օշականի հետ» խորագրով, խօսք առին հայ ժամանակակից գրականութեան դէմքերէն Գրիգոր Պըլտեան, Ֆրանսա, Գուրգէն Արզումանեան, Լոս Անճելըս, Մարք Նշանեան, Նիւ Եորք, եւ Րաֆֆի Աճէմեան, Քանատա, որոնք կեդրոնացան Վահէ Օշականի գրական, մշակութային վաստակին եւ դերին: Այս բոլոր բաժիններուն ընկերակցեցան Վահէ Օշականի կեանքէն ու իրեն նուիրուած գրական ձեռնարկներէն զանազան տեսաերիզներ:
6.- Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2006
«Երեկոյ մը Կոմիտասի հետ» զրոյց-հանդիպում տարազին տակ: Կոմիտասի կեանքն ու ստեղծագործութիւնները ներկայացուց «Լարք» երաժշտանոցի տնօրէն Վաչէ Պարսումեան, Կլէնտէյլի Phoenicia (նախկին KIX) ճաշասրահին մէջ:
ԱՐՁԱԳԱՆԳ՝ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐԷՆ
1.- Կիրակի, 16 Սեպտեմբեր, 2006ի երեկոյեան ժամը 6ին, «Համազգային»ի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 25ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը՝ «Օճախ» ճաշասրահին մէջ:
2.- Շաբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2006, Ֆրեզնոյի «Համազգային»ի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի նորակազմ պարախումբի տարեկան առաջին ելոյթ՝ 5էն 15 տարեկան, աւելի քան 40 փոքրերով եւ երկսեռ պատանիներով:
3.- Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր 2006ի երեկոյեան ժամը 5ին, «Համազգային»ի Կլէնտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 30ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն՝ Հայ Քոյրերու վարժարանի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Կլէնտէյլ-Պըրպանք-Լա Քրեսէնթա նորակազմ խորհուրդ-մարմնին:
4.- Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2006ի կէսօրէ ետք ժամը 3ին, Փասատինայի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, Հայ մշակոյթի ամսուան նուիրուած՝ տաղանդաւոր փոքրիկներու ելոյթ՝ կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի վարչութեան եւ մասնակցութեամբ գաղութի տաղանդաւոր փոքրիկներու:
5.- Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2006ի երեկոյեան ժամը 8ին, Կլէնտէյլի հանրային գրադարան,
«Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան Երաժշտական միաւորի կազմակերպութեամբ՝
Դաշնակի համերգ՝ հանրածանօթ դաշնակահարուհի Շուշանիկ Յովակիմեանի կատարողութեամբ: Հրամցուեցան Պէթհովէնի, Մանսուրեանի, Կոմիտասի եւ Լիցի ստեղծագործութիւններէն:
6.- Կիրակի, 12 Նոյեմբեր 2006ի երեկոյեան ժամը 5ին, Կլէնտէյլի Alex թատերասրահին մէջ, «Համազգային»ի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբի տարեկան ելոյթ՝ 5էն 30 տարեկան, աւելի քան 100 փոքրերով եւ երկսեռ պատանիներով ու երիտասարդներով:
ՄԵՐ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐԷՆ
«Համազգային»ի համայն ընտանիքը ու յատկապէս անոր Արեւմտեան Ամերիկայի բաժինը 2006 տարուան ընթացքին կորսնցուցին.-
13 Փետրուար, 2006
Վարդի Եաղլեանը, որուն ամբողջ կեանքը եղած էր միութենական նուիրում եւ զոհաբերում եւ որ իր կենարար աշխատանքով հարստացուցած էր նաեւ «Համազգային»ը:
Ընկերուհիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 19 Փետրուար 2006ին, Հովիտի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ եւ ապա թաղումը՝ Forest Lawn Hollywood Hills գերեզմանատան մէջ:
25 Հոկտեմբեր 2006
Յարութիւն Բարսեղեանը, որուն միութենական անխոնջ աշխատանքը մեծապէս նպաստած էր «Համազգային»ի «Անի» պարախումբի կազմութեան, բարգաւաճման, վերելքին ու համբաւին՝ անցնող 30 տարիներու ընթացքին:
Ընկերոջ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2006ին, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ ապա թաղումը՝ Forest Lawn Hollywood Hills գերեզմանատան մէջ:
ԱՅՑԵԼԵՑԷՔ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ՆՈՐ ԿԱՅՔԷՉԸ HAMAZKAYIN.NET