ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Աշխատանքային այցով Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյժինկ գտնուող արտաքին գործոց փոխնախարար Արմէն Բայբուրդեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Նոյեմբեր 2ին մասնակցեցաւ Հայաստանի եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութեանց հերթական փուլին:
Հանդիպումներուն մասնակցեցաւ նաեւ Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վ. Ղազարեան:
Այցի ընթացքին պատուիրակութիւնը ունեցաւ այլ հանդիպումներ եւս. նոյն օրը զանոնք ընդունեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Լի Ճաոսին: Ողջունելով Հայաստանի պատուիրակութիւնը, ան բարձր գնահատեց անցեալ տարիներուն հայ-չինական յարաբերութիւններուն մէջ ունեցած յառաջխաղացքը: Նախարարը նշեց, որ կողմերուն միջեւ ստեղծուած է քաղաքական փոխադարձ վստահութեան կայուն մթնոլորտ:
Համաձայնելով զրուցակիցի տեսակէտներուն՝ Ա. Բայբուրդեան Չինաստանի հետ կապերուն բազմակողմանի զարգացումը համարեց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը՝ միաժամանակ կարեւոր նկատելով հայ-չինական գործակցութեան հետագայ ամրապնդումը նաեւ միջազգային կառոյցներուն մէջ: