ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Ամերիկեան տարածուն «Թայմ» շաբաթաթերթի եւրոպական հրատարակութիւնը լոյս ընծայեց իր վերջին համարը, ուր մէկ էջի վրայ խմբագրութիւնը կը յայտարարէ իր նոր վարքագիծը՝ 1915ի Եղեռնը կոչել իբրեւ Հայկական Ցեղասպանութիւն: Թերթը նաեւ իբրեւ ներդիր զետեղած է ֆրանսացի բեմադրիչ Շարլ Ժուրտանի «Հայկական Ցեղասպանութիւնը» խորագրով վաւերագրական ժապաւէնը՝ թէ՛ անգլերէն եւ թէ ֆրանսերէն պատումով: Լուրը հաղորդեցին Ամերիկայի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբերը Ուաշինկթընէն եւ Պրիւքսէլէն:
Թերթի եւրոպական հրատարակութիւնը ունի 550,000 բաժանորդ:
Թերթի եւրոպական հրատարակութեան խմբագիր Մայքըլ Էլիըթ այս համարին մէջ իր ընթերցողներուն յայտարարեց. «Կը խնդրեմ տեղեակ եղէք, որ այլ լրատու հաստատութիւններու հետ զուգահեռաբար, «Թայմ»ի քաղաքականութիւնն է, որ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերի իբրեւ պատմական ճշմարտութիւն: Համապատասխանաբար, մեր թղթակիցներուն եւ խմբագիրներուն պիտի թելադրեմ, որ «Հայկական Ցեղասպանութիւն» եզրը պէտք է գործածուի առանց որակաւորումներու»:
«Թայմ»ի այս քայլը ողջունեց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան ըսելով, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պէտք է ընթերցողներուն փոխանցուի իբրեւ իրականութիւն, առանց որակաւորումներու: Ան շարունակեց ըսելով, թէ թերթի այս յայտարարութիւնը, զուգահեռաբար «Նիւ Եորք թայմզ»ի, «Պոսթըն կլոպ»ի եւ այլ թերթերու, խորքին մէջ կ’աւելցնեն ճնշումը ամերիկեան վարչակազմին վրայ, որպէսզի ան հրաժարի Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան նկատմամբ իր բարոյապէս սնանկ մեղսակցութենէն:
Յայտնենք, որ 2005ի Յունիսի իր թիւով, թերթը մէկ էջնոց ծանուցում մը եւ ձրի DVD մը ցրուած էր Եւրոպայի իր բաժանորդներուն, ուր թրքական զբօսաշրջութեան քարոզչութեան պատրուակին տակ, Ցեղասպանութեան ուրացման քարոզչութիւնն էր, որ կը կատարուէր:
Այս սխալը սրբագրելու նպատակով, թերթը լոյս ընծայեց ճշդումի մէկ էջնոց նամակ մը, ստորագրուած Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ հայկական ու ֆրանսական չորս այլ կազմակերպութիւններու կողմէ: Նամակին տակ, թերթը ներողութիւն կը խնդրէր թրքական քարոզչութւինը տարածելուն համար: Նոյն տարուան Դեկտեմբերին, նշեալ հինգ կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, Ֆրանսահայ իրաւաբաններու եւ օրէնսգէտներու ընկերակցութիւնը եւ California Courrier թերթը համախոհութեան մը յանգեցան «Թայմ»ի խմբագրութեան հետ, որ այսուհետեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը որեւէ ձեւով չաղաւաղուի թերթի էջերուն մէջ: