ՌԻՃՖԻԼՏ, Նիւ Ճըրզի.- Նիւ Ճըրզիի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ դեմոկրատ Պապ Մենենտեզի, որ կը փորձէ վերատիրանալ նահանգին ծերակուտական աթոռին, միաժամանակ կոչ ընելով Նիւ Ճըրզիի հայութեան, որ Նոյեմբեր 7ին կայանալիք քոնկրէսական ընտրութիւններու ընթացքին Մենէնտեզի ի նպաստ քուէարկէ:
Նիւ Ճըրզիի Հայ Դատի Յանձնախումբին ատենապետ Անի Չաղլասեան կը յայտնէ, թէ Մենենտեզ ոչ միայն նահանգին, այլ ամբողջ Միացեալ Նահանգներու հայութեան մտահոգող հարցերու պաշտպան կանգնած է եւ յատկապէս օրինակելի քայլ մը առած է՝ կասեցնելով Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին թեկնածու Ռիչըրտ Հոկլընտի թեկնածութիւնը վաւերացնելու աշխատանքները:
Յիշեցնենք, թէ Հոկլընտի նշանակման դէմ խոչընդոտ դնելու իր որոշումը տալով Մենենտեզ շեշտած էր, թէ «Ամերիկայի պատասխանատուութիւնն է անարդարութեան դէմ կանգնիլ եւ զօրակցիլ մարդկային իրաւանց: Սակայն եթէ Պուշի վարչակազմը շարունակէ մերժել ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, այդ պարագային ահազանգային վիճակ կը ստեղծուի, որու պատճառով ես կասեցում կը պահանջեմ այս նշանակումին դէմ»: