«Մենք կարողութիւնը ունինք Եւրոպայի կազի կարիքները բաւարարելու», յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի, որ շարունակելով՝ ըսաւ. «Մեր հիւլէական գործունէութիւնը ամբողջովին խաղաղասիրական է, եւ անոր փաստերը կան: Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան զեկուցումները կը հաստատեն այդ, եւ գործակալութիւնը պէտք չէ երրորդ կողմերու ճնշումներէն ազդուի։ Մենք պատրաստ ենք Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ մեր շինիչ գործակցութիւնը շարունակելու եւ մեզի դէմ ներկայացուած անհիմն պնդումները հերքելու: Հիւլէական բանակցութիւնները ամերիկեան Քոնկրեսի ընտրութիւններէն ետք յետաձգելու դիմում չենք ստացած»:
Միւս կողմէ, իրանեան «Մեհր» լրատուական գործակալութիւնը, մէջբերելով Իրանի ցամաքային ուժերու հրամանատար Ամիր Քիումարթ Հայտարիի յայտարարութիւնները՝ հաղորդեց, որ Թեհրան ստեղծած է Թել Աւիւն ու Հայֆան հարուածելու անօդաչու թռչող սարք մը` «Արաշ 2»ը, որ իւրայատուկ կարողութիւններ ունի` Իսրայէլի մէջ հեռաւոր թիրախներ հարուածելու նպատակով:
Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ Պերլինի մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց հետեւեալը. «Յառաջիկայ տարի պիտի կարենանք Եւրոպային կազ մատակարարել»: