ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Los Angeles Convention and Visitors Bureau» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Մայիս 12-21ին Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած է քոյր քաղաքներու լրագրողներու արհեստավարժ ուսուցողական ծրագիր:
Նախաձեռնութիւնը մշակութային-ճանաչողական բնոյթ ունի, նախատեսուած է առնուազն երեք տարուան աշխատանքային փորձ ունեցող, այս պահուն գործող լրագրողներու համար: Կազմակերպութիւնը իւրաքանչիւր երկիրէ պիտի ընտրէ մինչեւ 6 լրագրող:
Հայաստանի լրագրողները եւս պիտի մասնակցին այս ծրագիրին, քանի որ յառաջիկայ Փետրուարին կը նախատեսուի Երեւանը եւ Լոս Աճելըսը քոյր քաղաքներ յայտարարելու մասին համաձայնագիրի ստորագրումը: