ԵՐԵՒԱՆ, «Ազգ».- Ուղիղ երեք տարի առաջ յանկարծամահ եղաւ Մեսրոպ արք. Աշճեանը: Իր իսկ հիմնած Գիւմրիի Թռչունեաց տան մանուկները կորսնցուցին սիրելի հարազատը, որուն հայրական հոգատարութիւնը հովանի եղաւ իրենց մռայլ մանկութեան, որբացաւ «Մուղնի» հրատարակչութիւնը, իսկ Մուղնիի Ս. Գէորգ վանքը կորսնցուց իր անխոնջ աղօթարարը, որուն ջանքերով վանքը ստացաւ իր վաղեմի դէմքը եւ փառահեղ տեսքը:
«Սրբազանը մօտ 200 անուն գրքի տպագրութիւն է հովանաւորել», ըսաւ Մեսրոպ արք. Աշճեանի թանգարան-գրադարանի վարիչ Յովհաննէս Մկրտչեան:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, խօսելով սրբազանին մասին ըսաւ, որ «Մեսրոպ արքեպիսկոպոսը պատարագում էր կիսաւեր եկեղեցիներում, մամռակալած քարերին վերադարձնում հայ եկեղեցականի խօսքն ու հայ հոգեւոր երգի հազարամեայ հնչիւնները»:
Նշենք, որ Մելքոնեան աշխատանքով եւ հոգեւոր սերտ կապերով կապուած էր երջանկայիշատակ սրբազանին եւ անոր յիշատակը յաւերժացնելու գործին, եւ իր նախաձեռնութեամբ, 2004էն ի վեր կը հաւաքուին Մեսրոպ սրբազանի կեանքը եւ գործը, սրբազանին մասին յուշերը եւ միտքերը, որոնք զետեղուած են «Մեր դժուար ժամանակների մեծ հայը» գիրքին մէջ: Գիրքը լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկայ ամիսներուն: