Մշակութասէրներու փոքր խումբ մը վայելեց Վաչէ Մանկրեանի դաշնամուրային տաղանդը, Կիրակի Նոյեմբեր 5, 2006ին Օրէնճ Քաունթիի Հայ կեդրոնի «Ղուկասեան» սրահին մէջ։
Ձեռնարկը զուտ երաժշտական երեկոյ մը չէր, այլ մշակութային գեղեցիկ ներկայացում մը, որ առատօրէն ներկաներուն պարգեւեց նմոյշներ հայկական երաժշտութենէ եւ հայ հեղինակներէ՝ Մանկրեանի բացառիկ կատարողութեամբ։
Ձեռնարկին կորիզը կը հանդիսանար Վաչէ Մանկրեանի «Հայ մշակոյթ»ի երեք հատորները, որոնք դասագիրքի սահմանումի կողքին ունին գիտելիքներու, ծանօթութիւններու, արուեստի, պատմութեան, գրականութեան, ազատագրական շարժումի եւ ընդհանուր առմամբ հայ մշակոյթի նուիրուած պարզ եւ գեղեցիկ էջեր։
Վաչէ Մանկրեան պատրաստած եւ համադրած է գեղեցիկ տպագրութեամբ այս երեք հատորնեը, որոնք հրատարակուած են «Սահակ Մեսրոպ» Հայ քրիստոնեայ վարժարանի կողմէ։ Գունագեղ նկարներու էջերը այս հատորները կը վերածեն արուեստի աղբիւրի մը։ Գրիգոր Խանջեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Այվազովսքիի եւ ուրիշ հայ նկարիչներւ գործերը կը գեղազարդեն սոյն հատորները։
Առաջին հատորը նուիրուած է հայ մշակոյթին՝ 1820-1920 երկարող շրջանին։ Հայաստանի ազատագրութեան առաջին փորձերը, արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեան ծանօթացում, որպէս օրինակ տալով պատմուածքներ Յ. Թումանեանէն եւ ուրիշներէ, ուր երկու հակադիր էջերու վրայ, նոյն պատմուածքը կը կարդանք աշխարհաբարի երկու ճիւղերով։ Մեծ Եղեռնը՝ հերոսամարտերով եւ գրականութեամբ, Հայաստանի իրավիճակը 19րդ դարու սկիզբը եւ ընդհանուր ակնարկ հայ երաժշտութեան եւ մեծ երաժշտագէտին՝ Կոմիտաս Վարդապետին։
Երկրորդ հատորը կը պարզէ քսաներորդ դարու հայոց կարեւորագոյն պատմական եւ մշակութային իրադարձութիւններ։ Ահռելի իրականութենէն՝ ճերմակ ջարդէն, Մանկրեան մեզ կը փոխադրէ Խ. Հայաստան (1920-1991), խորհրդահայ գրողներ՝ Վախթանգ Անանեանի եւ Սերօ Խանզադեանի, Երուանդ Քոչարի քանդակներուն, Սպենդիարեանի եւ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններուն, մէջընդմէջ տալով գրականութիւն, գրողներ, նշանաւոր ծագումով հայ զինուորականներ, ներգաղթ, ազատ եւ անկախ Հայաստան։
Երրորդ հատորը, որ ամէնէն ծաւալունն է, կը ներկայացնէ հայ մշակոյթը Ե.-ԺԹ. դար։ Հայ գիրերու գիւտը, հայ ժողովուրդի ծագումը, գեղեցիկ եւ գունաւոր քարտէսներով։ Հայ դիցաբանութիւն, գուսանական արուեստ, հայ թագաւորութիւններ, արաբական արշաւանքներ, Կիլիկեան պետութիւն, առակագիրներ եւ առակներ։ Կարեւոր գլուխ մը յատկացուած է ձեռագիր մատեաններու եւ մանրանկարչութեան։
Եռահատոր այս աշխատանքը կը ձգտի ամերիկահայ նոր սերունդին ազգային դիմագիծի կերտման։ Վաչէ Մանկրեան ներկաներուն ներկայացուց մէջընդմէջ դաշնամուրի վրայ նուագելով գործեր Կոմիտասէն, Խաչատուրեանէն եւ այլ հայ երաժիշտներէ։ Ան փակեց ձեռնարկը նուագելով Կոմիտասի մեղեդիներէն ներշնչուած իր յօրինած դաշնամուրային գործով։
Շնորհակալութիւն Վաչէ եւ վարձքդ կատար։
(Թղթակցութիւնը Մասնաճիւղէն)