Բոլոր անոնք, որոնք ներկայ էին Կիրակի, 7 Յունուար 2007ի երեկոյեան «Դիլիջան» սենեկային համոյթի Բ. տարեշրջանի 4րդ համերգին, Լոս Անճելըսի «Զիփըր» համերգասրահին մէջ, իրենք զիրենք գտան քիչ մատչելի, եթէ ոչ բոլորովին անանցանելի ձայնալեռներու նրբանցքներու մէջ, այսինքն բռնուեցան ուղիղ գերարդի երաժշտական ոլորապտոյտ ցանցի մը մէջ՝ ունկնդրութեան նիւթ ունենալով, դասական ընդունուած ձայնատարածքի ծիրէն շատ հեռու, նոր ձայնաշխարհներու անչափելի նոր տարածքները, ռիթմա-ելեւէջային անծանօթ, ցարդ չպեղուած, գրեթէ մոլորեցնող մոլորակներ, աննախատեսելի, անսպասելի հնչերանգային շնչառութիւն, կառոյց, տրամագիծ։
Ըսենք պարզապէս՝ բոլոր անոնք, որոնք հոն եկած էին Վերտի, Շուպերթ, Չայքովսքի եւ նմաններու երգաշխարհի մտայնութեամբ եւ ակնկալութեամբ, կա՛մ յուսախաբ եղան, եւ կամ յանկարծ իրենք զիրենք գտան նոր եւ թարմ անջրպետի մը մէջ՝ անծայրածիր կարելիութիւններով առաջ ընթացող, եւ նկատած եղան, թէ արդի երաժշտութիւնը որքա՜ն անյայտ եւ շատերուն համար դեռ անհպելի ոլորտներ, խոռոչներ, սարքեր, ծալքեր եւ խաւեր ունեցող լայնանիստ աստղանաւ մըն է, որքա՜ն հետաքրքիր պրպտող եւ որոնող անձերու համար։ Այսպէս, յանկարծ ներկաներուն բացայայտ դարձաւ, որ մեր ականջներուն ծանօթ գեղեցիկ եւ ներդաշնակ ու հաճելի ձայներու եւ կշռոյթներու դարը շատոնց բոլորած է։ Յայտնի է, որ այն բոլոր երգերը, նուագներն ու պարերը, որոնք մեզ կը գոհացնեն, քանի որ մեզի ծանօթ ձայն ու գիծ կը հասցնեն մեր ուղեղին եւ սրտին, կու տան երջանիկ ապահովութեան մը զգացումը, նաեւ ձայներու կախարդական աշխարհին ծանօթ եւ մօտիկ ըլլալու բաւարարութիւնը։ Ի՜նչ հաճոյքով կը… սուլենք կամ կը փորձենք երգել Պեթհովէնի սիմֆոնիներէն մէկուն նախանիւթը կամ բներգներէն մին, կամ Վերտիի «Լա Թրաւիաթա»ի նախերգանքէն մաս մը։ Սեզար Ֆրանքէն եւ Տէպիւսիէն սկսեալ եղանակ-թեմաներու մտապահումը կը դժուարանայ։ Իսկ Շէօնպէրկ, Սթրաւինսքի կամ Պարթոք կարծէք մեղեդի գրած չըլլան. այս վերջիններուն ձայնաշխարհին թափանցելը հեշտ չէ։ Իսկ երբ յօրինողը կը դրժէ, կամովի՛ն կը զանցէ, նորարութեան փնտռտուքի իր թափին անձնատուր, հաճելի երկար նախադասութիւնները, ականջը դիւթող դասոյթները, ընտանի կշռոյթները, ծանօթ կառոյցները, մանաւանդ յաճախ յայտնուող կրկնութիւնները նոյն թեմային կամ միեւնոյն կերպարին՝ տարբեր գործիքներով, տարբեր գոյներով, տարբեր ձայնատարածքով կամ կշռութաւորումով, եւ այս բոլորի փոխարէն կը լսենք ճիչեր, ճանաչելի բարձունք չունեցող երգահատուածներ, առաձգական հնչիւնաշարքեր, բառակուտակումներ-բառահատուածներ, կամ նուագարանին կուրծքին ափով հարուածներ, յանկարծայայտ արտասանական մասեր եւ մասամբ նորին, ահա հոն կ’անճրկինք կը մնանք. համերգէն դուրս կու գանք մտածելով. «Շուպերթ եւ Մոցարթ կեցած տեղը ինչի՜ պէտք են այս ծուռիկ-մուռիկ ձայները»։ Միեւնոյնն է, երբ կը մտածենք՝ «Պոթիչելլի կամ Ռեմպրանտ կեցած տեղը ինչպէ՞ս նայիմ Փիքասոյի աչք-պռունկ եւ քիթ ու մռութ իրար անցած կիսատուած երեսներուն»։ Ինչո՞ւ չմտածենք սակայն, որ մեծ բարեբախտութիւն է մարդկային երեւակայութեան անսահմանութիւնը (թէեւ ճամարտակներ միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան մեծատաղանդներու կողքին…), իսկ նորարութիւններու սխրանքը եւ չպեղուած ուղիներու սէրն ու կրքոտ փնտռտուքը՝ ե՛ն անբռնաբարելի, անշրջանցելի, անյեղլի։
Ահա այս կարգի բոլորովին կոյս աշխարհէ մը ներս առաջնորդեցին մեզ բարձր անհատականութեան տէր երգչուհի (սոփրանօ) Թոնի Առնոլտ եւ անոր երգային մատուցումները հիմնաւորող եւ ընդգծող (կարելի չէ հոս գործածել ընթացիկ «ընկերակցութիւն» բառը) անզուգական երաժիշտ ջութակահար Մովսէս Պօղոսեանը Յունուար 7ի երեկոյեան։
Կը բաւէ ըսել, որ ներկայացուած չորս կտորներուն երկուքը կ՚արժանանային «World Premiere» կոչումին, այսինքն ներկայ եղանք անոնց համաշխարհային առաջին ունկնդրութեան։
Ներկայացուած չորս հեղինակներուն երկուքը շատ երիտասարդ հայորդիներ էին. վաղամեռիկ երգահան, Երեւան ծնած Ճան Ասադրեան (1936-1977), որուն գրչին կը պատկանէր յայտագրի առաջին երկը՝ «Դու մերժեցիր» երգը, եւ Մոսկուա ծնած (1980ին) Արթուր Օվանէսով. չափազանց կենսունակ, ան արդէն գործակցած է մեծահռչակ Փիեռ Պուլէզի հետ. ան 2006ին Երեւանի մէջ, ամերիկացի երաժիշտ Լորա Քամինսքիի հետ հիմնած է «Ամերիքա-Արմինիա միուզիք նաու» փառատօնը։ Ա. Օվանէսովէն լսեցինք, «Դիլիջան»ի կողմէ պատուիրուած կտորներէն «Իմ լոյս»ը՝ նոյն երկու դերակատարներով։ Երրորդ հեղինակը, Փաոլօ Քաւալլոնէ (ծն. 1975ին), ներկայ էր հանդիսութեան։ Անկէ ունկնդրուած գործը՝ «Քնարական հատուածներ», նոյնպէս պատուէր մըն է «Դիլիջան»ի կողմէ։ Այս գործը կ՚առնչուի նշանաւոր երգչուհի Քէթի Պէրպէրեանի երգած (խմբագրուած իր ամուսնոյն՝ Լուչիանօ Պէրիոյի կողմէ) ժողովրդական «Լուսին ելաւ…» երգին։ Վերջին կտորը վերջապէս, մէկ ժամ տեւողութեամբ, միշտ ձայն-երգ եւ ջութակի համար, հունգարացի անուանի հեղինակ Կէորկի Քուրթակի (ծն. 1926ին) «Kafka-Fragmente», գործ 24 երկն էր։
Կարելի չէ մանրազնին յօդուած գրել այս երգացանկին վրայ. հարկ էր ներկայ ըլլալ եւ ունենալ սեփական կարծիք։ Ինչպէս միւս համերգներուն, այս անգամ եւս մեր ձեռքերուն մէջ ունէինք նկարազարդ եւ մանրամասնութիւններով լի ճոխ պարունակութեամբ յայտագիր, ինչ որ կը կազմէ ունկնդրութեան օժանդակ անհրաժեշտ գործիք մը։
Սկիզբէն իսկ ըսենք, որ շնորհիւ երգչուհի եւ ջութակահար արուեստագէտներուն բացառիկ կարողութիւններուն, այս երկու ժամուան համերգը փայլեցաւ կատարողական եւ մեկնաբանական աննախընթաց մակարդակով։ Երկուքն ալ քաջածանօթ են արդի երաժշտութեան պահանջներուն, նրբութիւններուն, դժուարութիւններուն, ոճաձեւերուն (իւրաքանչիւր նոր յօրինում ունի իրեն յատուկ նոր ասելաոճ, գրելաոճ, մեկնաբանական ոճ, անկախ հեղինակին անցեալին հեղինակածներու ոճերէն)։ Իւրաքանչիւրը մեր ունկնդրած կտորներէն ունէր իր ձայնը, այսինքն յատուկ պատգամը, առանձնայատուկ մթնոլորտը, գոյնը, հեւքը, շնչառութիւնը, բազկերակը։ Չափազանց կարեւոր է, որ նոր ծնելիք գործին (տակաւին ոչ մէկ տեղ նուագուած, երգուած կամ արձանագրուած) զոյգ մեկնաբանները նոյն ձեւով եւ նոյն ներուժով եւ բուռն անկեղծութեամբ եւ նուիրումով մօտենան եւ գործակցին։ Ստեղծագործական կիրքն ու թափը, շունչն ու երեւակայութիւնը ի զօրու են ամեն քայլափոխին, այլապէս երկը կը սուզուի անկենդանութեան գիրկը։ Հպարտութեամբ պէտք է նշել, որ Պօղոսեան ընտրած էր ճի՛շդ անձը, ան, որ գիտակ է նոր երգի նոր աշխարհին եւ զայն նորօրէն կենդանացնելու գաղտնիքին։ Յայտագրին մէջ արտատպուած նկար մը ցոյց կու տայ, որ հեղինակ Կ. Քուրթակ եւ մեր երկու արուեստագէտները իրարու հետ աշխատած են առնուազն երկու տարի (նկարը առնուած է 2004ին Պուտափեշտի մէջ)։ Մենք չլսեցինք անկենդան ոչ մէկ ակնարկ, կամ նախադասութիւն, կամ հեւք։ Համագործակցութեան հրաշալի եւ հազուադէպ օրինակ մը. կրկնենք, որ արհեստավարժական, արուեստագիտական իրենց կարելիութիւնները անսահման են, իրենց ճարտարապետական կամ արտայայտապաշտական հնարաւորութիւնները՝ անծայրածիր, այլապէս անկարելի պիտի ըլլար մօտենալ այս կարգի բարդ եւ բազմածալք գործերու, յատկապէս Քաֆքայի գրական գործերէն քաղուած 40 կարճ տողերու Քուրթակի երաժշտաւորած կտորին։
Փորձենք այժմ շատ հակիրճ կերպով բնորոշել այս չորս գործերը։
Ճան Ասադրեանի կտորը հիւսուած է Ա. Իսահակեանի «Դու մերժեցիր» քերթուածին վրայ. երգագիծը երազային է, առաձգական, հեռակայ, որուն կ՚արձագանգէ ջութակը՝ կամովին տժգոյն, միագիծ, միատող։ Երգը միաւոր է, միակոր, ասուպային. չէ զարգացած, մնացած է միագոյն. կը թուի վաղաժամօրէն ընդհատուած ըլլալ, նման՝ հեղինակին կեանքին։ Մէկ հատիկ կարճ շունչ մըն է, դեռ լրիւ չշնչուած՝ արդէն անհետացող։
Ահա մեզի շատ սիրելի «Լուսին ելաւ այն լեռնէն»ը, համաշխարհայնօրէն անմահացած Լ. Պէրիօ-Ք. Պէրպէրեան ամոլին կողմէ։ Հոս դիտուած պաղ տարրալուծարանի մը մանրադէտի տակ՝ Փ. Քավալլոնէ անկէ վերցուցած է մասեր եւ մասնիկներ, ոչինչ նշանակող ձայնաւորներ, նախադասութիւններէ դուրս ձգուած բառեր, օրինակ՝ «շէկլիկ-մեկլիկ», բառակոյտեր, կամ անկապ-անկապուած տառեր, լոկ հնչիւններ, կարծես կէս խուլ եւ լման խլացում որդեգրած անձ մը կը ճգնի անծանօթ լեզու մը ընկալել։ Հեղինակը ի՛նքը de-composition (տարբաղադրում) որակումը կու տայ իր այս գործին. ան կը ճգնի մեկնիլ լրումի հասած կտորի մը տարբաղադրումէն՝ հասնելու համար, վերաշարահիւսութեամբ, նոր համադրոյթի։ Կտորը, 10 րոպէ տեւողութեամբ, ձօնուած է զայն կատարող երկու արուեստագէտներուն։ Ակնկալելի էր, որ այս կտորը բաղկացած ըլլար ճիչերէ, օդը նետուած, ապա զսպուած ձայներէ, անհետեւողական թրթռացումներէ, արտասանակերպ ձայնարձակումներէ. այս բոլորին ջութակը կը յաջողի բերել իր կէտադրական հետեւողականութիւնը՝ պատառ-պատառ իրարու շաղկապելով ձայներգային պատռուածքները։ Ամբողջը կը թողու ճաթռտած լուսնախաւարումի մը տպաւորութիւնը։ Հարցը սակայն չի կայանար երկը սիրելու կամ չսիրելու մէջ, այլ՝ ձայնատարրալուծարանէն դուրս գալու եւ կտոր մը երգ շնչելու մէջ։
«Իմ լոյս» կը կոչուի Արթուր Օվանէսովի 8 րոպէ տեւողութեամբ գործը։ Կը բաբախէ շարականի մը նման եւ տաք ու երգային է, առօրեայ մեր աւանդական իմաստով, այսինքն երգագիծը ունի խորանարդաձեւ զարգացում, ապրում-զգացում, ներիմացեալ խորհուրդ։ Չութակը՝ զուսպ է, երկիւղածութեամբ կը ձայնակցի երգագունտի վերածուած «շարական»ին։
Ահա վերջապէս մեծ հրետանին. Ֆրանց Քաֆքայի գերմաներէն գրած զանազան երկերէ քաղուած 40 հատուածներու (4 ենթաբաժանումներ) երաժշտական ներկայացումը, միշտ միայնակ ձայնի եւ ջութակի համար։ Այդ 40 հատուածները, երբեմն միայն բառ մը («ռեսթլէսս»), յաճախ իմաստասիրական խոհեր կամ ֆանթաստիք կարճ պատմութիւններ («Չարտաշ պարող Էտուարտովան»), առանձնութեան եւ յոռետեսութեան գիրկը ինկած տղու մը չափազանց հակասական, աւելի ճիշդ՝ հակադրական տողեր կամ խոհեր են։ Ասոնց վրայ՝ ի՞նչ երաժշտութիւն կարելի է հիւսել, յարմարցնել կամ իրագործել։ Երկը, երկարաշունչ, դժուարամատչելի, կը պահանջէ կատարելագործուած արհեստավարժութիւն, պրկուած եւ հեւ ի հեւ կեդրոնացում՝ միատեղ համադրելու եւ լուծելու համար այն բոլոր հարցերը, որոնք անվրէպ կը ծագին իւրաքանչիւր քայլափոխին։ Հիացմունքի արժանի է այն յարգանքը, որով պարուրուած է մանուածապատ կտորին իւրաքանչիւր հատուածը, ուսումնասիրուած՝ անոր խոռոչները, յորձանքները։ Իւրաքանչիւր հատուած քանի մը վայրկեանէ աւելի չի տեւեր։ Ամբողջը բեմականացած զրուցերգութիւն-վիճերգութիւն է՝ երկու հեղինակներուն միջեւ, երբեմն ինքն իրեն դէմ։ Հոն կան կատաղի ձայնաբախումներ, գալարումներ, երգաւորուած ճիչարձակումներ։ Եւ մասամբ նորին։ Ձայնամեխ կանչերն ու պայթումները մեզ յիշեցուցին անմահ Քէթի Պէրպէրեանի «Սթրիփսոտի»ի ձայնամարզանքները։
Ներկաները հանդիսատեսը եղան ջութակին նոթատետրերու տեղադրման՝ եռոտանիներու վրայ՝ երգչուհիին աջ եւ ձախ կողմերը, էջադարձի դժուարութիւնը հարթելու համար։ Տարօրինակութիւններու շարքին՝ ներկայ եղանք ուրիշ երեւոյթի մըն ալ։ Պօղոսեան պէտք ունէր զոյգ ջութակներու՝ փոխն ի փոխ նուագելու անոնց վրայ։ Չութակներէն մէկուն լարերը լարուած էին դասական ձեւով, սակայն երբեմն ջութակահարը ձեռքը կ՚առնէր միւս ջութակը, որուն լարումը պէտք է համապատասխանէր որոշ կտորներու պահանջին։ Այս երկրորդ ջութակը, կատարման ամբողջ ընթացքին ենթարկուեցաւ մէջ ընդ մէջ տարբեր-տարբեր լարումներու։ Այսպէս, մենք հանդիսատեսը եղանք արդի յօրինողի մը բացարձակ կամքի մէկ արտայայտութեան՝ եղած դրոյթը շրջելու, ուզած ատեն, իր յօրինած կտորին պատշաճեցնելու նուագարանին ձայնական կառոյցը։ Այսպէս, նստած մեր աթոռներուն, մենք հանդիսատես եղանք արուեստի վարդագոյն յեղափոխութեան՝ ձայնական պրիսմակներու ընդելուզումներու ընդմէջէն։ Արուեստ, գիտութիւն, թեքնիք եւ ըմբոշխանք միաժամանակ։