ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեան Նոյեմբեր 3ին ստորագրեց հրամանագիր, ԼՂՀ սահմանադրութեան նախագիծի հանրաքուէի օր նշանակելով 2006ի Դեկտեմբեր 10ը:
Նոյն օրը, Ղուկասեան ստորագրեց նաեւ երկու այլ հրամանագիրներ, ԼՂՀ 16րդ ընտրատարածքի յանձնաժողովի անդամ Նանար Սլաւիկ Դադամեանը պաշտօնէ դադրեցնելով ու անոր տեղ նշանակելով Ռիթա Գր. Գէորգեանը: