ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան վերջապէս յաջողեցաւ հասնիլ իր առաջադրած օրինագիծի (AB 1801) ընդունման՝ Ապրիլի 24ը՝ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը, իբրեւ նահանգային ոչ-աշխատանքային օր հռչակելու վերաբերեալ:
Օրինագիծը կը պարտաւորեցնէ, որ ամէն տարի 24 Ապրիլին, համայնքային բոլոր քոլեճներն ու պետական դպրոցները ամբողջ Քալիֆորնիոյ մէջ փակուին, իսկ նահանգի ծառայողներուն կը տրամադրուի վճարովի արձակուրդ:
Օրինագիծի գրութեան մէջ կը բացատրուի, որ «Օրէնսդիրը կը նկատէ եւ կը յայտարարէ, որ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը բոլորին համար պիտի ըլլայ անցեալ եւ ներկայ ցեղասպանութիւններուն մասին խորհրդածելու օր, բայց յատկապէս անոնց համար, որոնք զգացած են այդ վայրագութիւններուն ազդեցութիւնը, եւ այդ խումբերուն համար, որոնք ապաստան գտած են Քալիֆորնիոյ մէջ, ներառեալ բայց ոչ միայն՝ Ողջակիզումը, Հոլոտոմորը եւ հայկական, ասորական, յունական, քամպոտիական ու ռուանտական համայնքներու ցեղասպանութիւնները: Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը պիտի նշուի ամէն տարի 24 Ապրիլին, որ նաեւ յայտնի է իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր, այդ շաբթուան ընթացքին, երբ Քալիֆորնիոյ նահանգը աւանդաբար կը նշէ Ցեղասպանութեան իրազեկման շաբաթը»:
Ապա, գրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ 24 Ապրիլին կամ մէկ այլ օր մը, «բոլոր պետական դպրոցները եւ կրթական հաստատութիւնները ամբողջ նահանգին մէջ կրնան ունենալ վարժութիւններ, որոնք նիւթապէս կը հովանաւորուին առկայ դրամական միջոցներով՝ ոգեկոչելու եւ յարգելու համար այս երկրին մէջ Ցեղասպանութիւն վերապրածներու բազմաթիւ ներդրումները: Կրթութեան նահանգային խորհուրդը կրնայ ընդունիլ ուսումնական ծրագիրի օրինակելի ուղեցոյց մը, որ հասանելի պիտի ըլլայ պետական դպրոցներու մէջ, Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան վերաբերող վարժութիւններու մասին»:
Նահանգային խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի անդամները ամիսներ շարունակ անխոնջ աշխատած են, որպէսզի Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի երկու պալատները եւս ընդունին այս օրինագիծը: Ոդիսականը սկսած է 7 Փետրուար 2022ին, երբ անիկա ներկայացուած է նահանգային խորհրդարան: Օրինագիծը անցած է քանի մը յանձնախումբերէ՝ Կառավարական կազմակերպութեան՝ 20 այո, 0 ոչ, Բարձրագոյն կրթութեան՝ 12 այո, 0 ոչ, Յատկացումներու՝ 12 այո, 0 ոչ, ապա՝ Նահանգային խորհրդարանի լիագումար նիստ՝ 75 այո եւ 0 դէմ ձայներով, 26 Մայիս 2022ին:
Այնուհետեւ, օրինագիծը հասած է նահանգային Ծերակոյտին՝ անցնելով հետեւեալ յանձնախումբերէն՝ Կառավարական կազմակերպութեան՝ 14 այո, 0 ոչ, Կրթութեան՝ 6 այո, 0 ոչ, Յատկացումներու՝ 7 այո, 0 ոչ, իսկ Ծերակոյտի ամբողջական կազմին մէջ՝ 40 այո, 0 դէմ ձայներ, 23 Օգոստոս 2022ին: Օրինագիծը 24 Օգոստոս 2022ին վերադարձուած է նահանգային խորհրդարան, որպէսզի Ծերակոյտի փոփոխութիւններուն համապատասխանեցուի, ապա ընդունուած է 77 այո, 0 դէմ ձայներով:
Այնուհետեւ, 31 Օգոստոս 2022ին, օրինագիծը ներկայացուած է Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմին, անոր ստորագրութեան համար: Ես կապ հաստատեցի նահանգապետի գրասենեակին հետ եւ ինծի ըսուեցաւ, որ ան մինչեւ 30 Սեպտեմբեր 2022 պէտք է կա՛մ ստորագրէ, կա՛մ վեթօ դնէ օրինագիծին վրայ:
Ես նաեւ զրոյց ունեցայ օրինագիծի նախաձեռնող, նահանգային խորհրդարանական Ատրին Նազարեանի հետ եւ շնորհաւորեցի զայն՝ այս պատմական օրինագիծի ընդունման գծով իր մեծ ջանքերուն համար:
Հայկական համայնքի մէկ այլ մտերիմ բարեկամ՝ Քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ, ինծի ուղարկեց հետեւեալ կարեկից պատգամը. «Քալիֆորնիոյ մէջ չափազանց մեծ թիւով ընտանիքներ ողբերգական կերպով տուժած են ցեղասպանութենէն: Դժբախտաբար, ասիկա բան մըն է, որ կը վերաբերի բազմաթիւ մշակոյթներու՝ այն իսկ ժամանակներէն, երբ օսմանեան թուրքերը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը իրականացուցին հայ ժողովուրդին դէմ: Մինչ մենք կը սորվինք բնիկ ամերիկացիներու նուաճման, Ողջակիզման եւ մարդկութեան դէմ իրականացուած այլ սարսափելի վայրագութիւններու մասին, մեր դպրոցներուն մէջ ներկայիս չկայ օր մը, երբ խօսուի այս բոլոր վայրագութիւններուն մասին եւ համախմբէ մարդիկը՝ յիշելու, սիրելու եւ հոգալու համար միմեանց, ցեղային համայնքներու մէջ: Վշտակցութեան եւ սփոփիչ նպատակներու համար տարուան 365 օրերէն մէկը պատշաճ է, եւ ես հպարտութեամբ աջակցեցայ ատոր»:
Միեւնոյն ժամանակ, թուրք ժխտողականները լոպպիինկ կ՛իրականացնեն օրինագիծին դէմ՝ փորձելով համոզել նահանգապետ Նիւսըմը, որ չստորագրէ զայն: Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարը (ATAA), որ Ցեղասպանութիւնը ժխտող տխրահռչակ կազմակերպութիւն մըն է, 5 Սեպտեմբեր 2022ին յայտարարութիւն մը տարածած է՝ կոչ ընելով «Ամերիկայի թրքական համայնքին եւ Թուրքիոյ բարեկամներուն՝ նամակներ, «ֆաքս»եր եւ ելեկտրոնային նամակներ յղել նահանգապետ Նիւսըմին՝ յորդորելով զայն վեթօ դնել» Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան գծով:
Ահա թէ ի՛նչ յորդորած է ATAA-ը իր աջակիցներուն. «Կը խնդրենք դիմել նահանգապետ Նիւսըմին եւ անոր աշխատակազմին այսօ՛ր եւ ձեր ձայնը լսելի դարձնել: Կը խնդրենք պատճէնել/տեղադրել եւ ուղարկել ձեր նամակին օրինակը՝ օգտագործելով ելեկտրոնային նամակը հետեւեալ կապէն՝ https://govapps.gov.ca.gov/gov40mail: Կը խնդրենք ընտրել թեման՝ AB01801\Նահանգային յիշատակի օրեր՝ Ցեղասպանութեան յիշատակի օր: Կամ՝ նամակ ուղարկել պատուարժան Կեւըն Նիւսըմին, Քալիֆորնիա նահանգի նահանգապետ, 1021 O փողոց, սենեակ 9000, Սաքրամենթօ, Քալիֆորնիա 95814 հասցէին»:
Բացի ասկէ, ATAA-ը յորդորած է իր աջակիցները ելեկտրոնային նամակներ ուղարկել Ճիմ ՏըՊուին՝ նահանգապետի գործադիր քարտուղարին, jim.deboo@gov.ca.gov, եւ Տէյվըտ Սափին՝ նահանգապետի իրաւական հարցերով գլխաւոր քարտուղարի տեղակալին՝ david.sapp@gov.ca.gov, հետեւեալ թեմայով՝ «AB01801\Նահանգայիn յիշատակի օրեր. Ցեղասպանութեան յիշատակի օր»:
Թրքական ժխտողական լոպիիական ջանքերուն հակազդելու համար, հայկական համայնքը պէ՛տք է հեղեղէ նահանգապետ Նիւսըմի գրասենեակը ե-նամակներով եւ նամակներով՝ օգտագործելով վերեւը նշուած հասցէները եւ կոչ ընելով անոր՝ ստորագրել AB 1801 օրէնքը:
Գործեցէ՛ք արագ, քանի որ նահանգապետը իր որոշումը պիտի կայացնէ այս պահէն սկսեալ մինչեւ 30 Սեպտեմբեր ժամկէտի ընթացքին:
Տեսնենք, թէ ո՛վ աւելի բարձր հեղինակութիւն ունի Քալիֆորնիոյ մէջ՝ հարիւր հազարաւոր հայկական մեծ համա՞յնքը, թէ քանի մը թուրքեր, որոնք կ՛ուզեն Քալիֆորնիա բերել թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ