ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը «Արցախի վերածնունդ» ծրագիրի շրջանակներով սկսաւ Մարտակերտի շրջանային հիւանդանոցի վերակառուցման ծրագիրին: Այս մասին յայտնեցին հիմնադրամի աղբիւրները եւ նշեցին, որ կը նախատեսուի շինարարական աշխատանքները աւարտել Օգոստոս 25ին:
Նշենք, որ 1971ին կառուցուած հիւանդանոցի շէնքը մեծ վնասներ կրած էր արցախեան պատերազմի տարիներուն: Վերակառուցումէն յետոյ հիւանդանոցի ծառայութիւններէն պիտի օգտուին Մարտակերտ քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերու բնակիչները: Բացի այդ, հիմնադրամը հիւանդանոցին համար ձեռք բերած է շտապ օգնութեան 4 ինքնաշարժներ: Ծրագիրի շրջանակներով կը նախատեսուի նաեւ հիւանդանոցը օժտել բժշկական սարքաւորումներով եւ կահոյքով: