Ս. Ծնունդի երեկոյեան եւ, համաձայն թեմի տարիներու ազնիւ աւանդութեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի Ս. Ծննդեան ընթրիքը, ժամը 7:30էն սկսեալ։
Ընթրիքի այս երեկոն տեղի կ՚ունենայ նախաձեռնութեամբ թեմի Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան եւ հիւրընկալութեամբ Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին: Ներկայ էին պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսը, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ու Կեդրոնական Կոմիտէի, թեմի Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի, Հայ Դատի Յանձնախումբին, թեմի կրթական համակարգի, հայկական միութեանց ու մամուլի ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ ազգայիններ, որոնց թիւը անցաւ 600ը։
Հայկական տոհմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած տօնակատարութեան ընթացքին, առաջնորդ սրբազանը իր պատգամին մէջ հակիրճ կերպով ներկայացուց Ազգ. առաջնորդարանի աշխատանքներուն գլխաւոր գիծերը, գոհունակութեամբ յայտնեց, որ Ազգ. առաջնորդարանի նոր շէնքի բարեփոխման ու շինարարական աշխատանքները աւարտած են ու մաղթեց, որ յառաջիկայ ժամանակաշրջանը, ինչպէս առաջնորդարանի, նոյնպէս ալ հայկական մեր ամբողջ կեանքի համար ըլլայ վերակենսաւորման ու նորանոր նուաճումներու շրջան մը։
Ընթրիքի երեկոն առիթ ընծայեց շնորհաւորութիւններու եւ բարեմաղթութեանց փոխանակման, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի առաքելութեան կենսագործման ի նպաստ նուիրատուութիւններով պատկառելի գումարի մը գոյացման (Ընթրիքի երեկոյի մանրամասնութիւնները կը հաղորդենք հետագային)։
Նշենք նաեւ, որ Կիրակի, 7 Յունուարի առաւօտուն, Ս. Պատարագով ու հոգեհանգստեան արարողութիւններով յիշատակուեցան մեր հանգուցեալ հարազատները։