ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2006ին պետական ամավարկէն պետական պարտքի սպասարկման համար յատկացուած է 9 միլիառ դրամ, որ տարեկան ծրագիրի 93.7 տոկոսն է:
Այս մասին հաղորդեց ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարարութիւնը: Նոյն աղբիւրը նշեց նաեւ, որ այս գումարէն աւելի քան 5.2 միլիառ դրամը յատկացուած է ներքին պարտքի սպասարկման, իսկ 3.8 միլիառ դրամը՝ արտաքին պարտքի սպասարկման: 2005ի համեմատ պետական պարտքի սպասարկման ծախսերը պակսած են 9.1%ով: 2006ի թէ՛ ներքին, եւ թէ արտաքին պարտքի սպասարկման ծախսերու առնչութեասմբ առաջացած են խնայողութիւններ, որոնք արդիւնք են մինչեւ 6 ամիս ժամկէտ ունեցող պետական պարտատոմսերու քանակի նուազումին եւ դրամի արժեւորման:
Արտաքին պարտքերը փակելու համար 2006ին տրամադրուած է 7.1 միլիառ դրամ, որմէ 3.3 միլիառ դրամը յատկացուած է Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան, 3 միլիառ դրամը՝ Համաշխարհային դրամատան եւ 749.8 միլիոն դրամը՝ Միացեալ Նահանգներուն ունեցած Հայաստանի պարտքերը վճարելու համար: