ԵՐԵՒԱՆ, «PanARMENIAN», «Արմէնփրէս».- Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նապի Շենսոյ յայտարարեց, թէ Քոնկրէսին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը անխուսափելի է, մինչ միւս կողմէ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու երեւանեան գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ, Յունուար 8ին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ «Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման հաւանականութիւնը բաւական մեծ է, եւ մենք աշխատում ենք այդ ուղղութեամբ: Ինչ վերաբերում է Թուրքիայի հնարաւոր բացասական վերաբերմունքին, ապա ես կարծում եմ, որ այդ երկիրը մի փոքր չափազանցնում է իր հնարաւորութիւններն ու կշիռը ԱՄՆի համար»:
Կիրօ Մանոյեան աւելցուց, որ «ԱՄՆը Ֆրանսա չէ, եւ թրքական կառավարութիւնը ճնշման որեւէ լծակներ չունի: ԱՄՆի եւ Թուրքիայի յարաբերութիւնները այժմ չեն կարող որոշիչ գործօն դառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցում»:
Ան յայտնեց նաեւ, որ բանաձեւը քննարկման պիտի դրուի քոնկրէսականներու հետ բազմաթիւ խորհրդատուութիւններէ յետոյ:
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ ՄՕՏ ՕՐԷՆ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻՕՐԷՆ ԿԸ ՄՏՆԷ ԱՄՆ ՔՈՆԿՐԷՍԻ
ՕՐԱԿԱՐԳ ԵՒ Կ’ԸՆԴՈՒՆՈՒԻ»
Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նապի Շենսոյ թրքական «Միլլիյէթ» թերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը մօտ օրերս անխուսափելիօրէն կը մտնէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի օրակարգ եւ կ’ընդունուի, սակայն օրէնքի ուժ չի ստանար՝ մինչեւ նախագահ Պուշ չստորագրէ զայն:
Դեսպանը աւելցուց, որ Քոնկրէսի կողմէ հայկական բանաձեւի ընդունումը վնաս պիտի պատճառէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն:
Նոյն նիւթին անդրադառնալով, թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ յայտարարած է, որ կը պատրաստուի մօտ օրերս Քոնկրէս ներկայացնել Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումներ բովանդակող օրինագիծ. «Համոզուած եմ, որ Քոնկրէսի նոր ղեկավարութեան հետ վերջապէս կը յաջողուի անցկացնել հայկական օրինագիծը», յայտարարած է Շիֆ եւ նշած է, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պէտք է ընդունի նաեւ Թուրքիան:
Ըստ նոյն թերթին, Ուաշինկթընի մէջ ամէն մարդ կը հաւատայ, որ բանաձեւը պիտի ընդունուի, եւ ընդհանուր տեսակէտը այն է, որ ԱՄՆ նախագահ Ճորճ Պուշ պիտի չկարենայ արգիլել Դեմոկրատ կուսակցութեան հակակշռին տակ անցած Քոնկրէսի այդ քայլը: Ըստ նոյն աղբիւրին, 7 տարի առաջ բանաձեւի քուէարկութիւնը խոչընդոտած ԱՄՆ օրուան նախագահ Պիլ Քլինթըն Թուրքիոյ վարչպետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանին ըսած է, որ «այս անգամ շատ դժուար պիտի ըլլայ արգիլել բանաձեւի ընդունումը»: Թերթը գրած է նաեւ, որ անցեալին Թուրքիոյ միշտ աջակցած է ԱՄՆ հրէական լոպպին, սակայն այս անգամ թրքական կառավարութեան վարքագիծին եւ կատարած կարգ մը յայտարարութիւններու պատճառով, որոշած է չէզոք մնալ: