ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փետրուար 2ին տեղի ունեցաւ ԱԺ աշխատանքային խորհրդակցութիւնը, զոր նախագահեց ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեան:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննուեցան ԱԺի իններորդ նստաշրջանի եւ Փետրուար 5-8ին ԱԺ չորսօրեայ նիստերու օրակարգերու նախագիծերը: Օրակարգի նախագիծին մէջ ընդգրկուած է 93 հարց, որոնցմէ 58ը եւ միջազգային 8 պայմանագիր ընդգրկուած են ԱԺ յառաջիկայ չորսօրեայ նիստերու օրակարգի նախագիծին մէջ:
ԱԺի այս նստաշրջանի եւ Փետրուար 5-8ի ԱԺ չորսօրեայ նիստերու օրակարգերու նախագիծերը պիտի հաստատուին Փետրուար 5ի ԱԺի նիստին: